Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի թե­լադ­րու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, Շա­բաթ՝ 22 Օ­գոս­տոս 2015ին այ­ցե­լած էր Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րան, ուր կա­տա­րո­ւած էր հո­գե­հան­գիստ` 1293ին Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սիս հաս­տա­տո­ւե­լէն մին­չեւ 1915 Սի­սի մէջ գա­հա­կա­լած Հայ­րա­պետ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար: Ա­պա, նոյն վայ­րին մէջ կար­դա­ցո­ւած էր Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մը, որը այսօրուան թիւով կը հրատարակենք: 100 տա­րի ետք, Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի փլա­տակ­նե­րուն մէջ կը հնչէր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գամ` ուղ­ղո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին: Տե­սա­նիւ­թը դի­տել` այ­ցե­լե­լով www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE: