Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

 

Սոյն Հայ­րա­պե­տա­կան Պատ­գա­մը ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րան ուղ­ղո­ւած՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ։

Խոր յու­զու­մով բայց վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով, յոյ­սով ու տե­սիլ­քով կ’ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը՝ Սի­սի մեր դա­րա­ւոր կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն։

Պատ­մու­թեամբ շնչող սրբա­վայր է այս կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը՝ Կի­լի­կիոյ հայ թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Սի­սի լե­րան լան­ջին։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ­րա­պե­տով հաս­տա­տո­ւած կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, քա­ղա­քա­կան ու ա­պա­հո­վա­կան պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին յա­ջոր­դա­բար փո­խադ­րո­ւե­լէ յե­տոյ Դո­ւին, Աղ­թա­մար, Ար­գի­նա, Ա­նի, Թաւբ­լուր, Ծամն­դաւ, Ծովք եւ Հ­ռոմկ­լա, 1293ին հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Սիս։

Անց­նող դա­րե­րուն Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը իր Սուրբ Սո­ֆիա Մայր Տա­ճա­րով, հա­րուստ մա­տե­նա­դա­րա­նով, ձե­ռա­գիր­նե­րու ու սրբա­զան սպաս­նե­րու ե­զա­կի հա­ւա­քա­ծո­յով դար­ձաւ հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին ճա­ռա­գայ­թող կեդ­րոն։ Մեր հայ­րա­պետ­ներն ու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, հա­ւա­տա­րիմ Լու­սա­ւո­րիչ­նե­րու ու Շ­նոր­հա­լի­նե­րու սրբա­զան ա­ւան­դին, ի­րենց հա­ւատ­քի վկա­յու­թեամբ ու հո­գեմ­տա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ՝ ա­մուր պա­հե­ցին մեր ե­կե­ղե­ցին եւ ան­խախտ մեր սրբու­թիւն­նե­րը, ար­ժէք­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը՝ հա­կա­ռակ զի­րենք շրջա­պա­տող բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­տե­սակ վտանգ­նե­րուն։

Մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն զա­ւակ­նե­րու կող­քին, 1915ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձաւ նաեւ հայ ե­կե­ղե­ցին՝ իր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րով, հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեամբ, բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րով, վան­քե­րով, կա­լո­ւած­նե­րով ու նաե՛ւ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նով։

Ինչ­պէ՞ս չյի­շել սա պա­հուն, երբ ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեան Մեր խօս­քը կ’ուղ­ղենք հայ ժո­ղո­վուր­դին, ար­տա­սո­ւա­լից աչ­քե­րով ու դող­դո­ջուն ձեռ­քե­րով եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Սա­հակ Խա­պա­յեան Կա­թո­ղի­կո­սին գրած նա­մակ­նե­րը Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ տե­ղի ու­նե­ցող ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լու պա­հանջ­քով։

Ինչ­պէ՞ս չյի­շել Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հրա­հան­գը՝ հե­ռա­նա­լու հայ ե­կե­ղեց­ւոյ խուն­կով ու ա­ղօթ­քով օ­ծուն այս պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն, եւ այն­քա՜ն դժուար պայ­ման­նե­րուն մէջ խումբ մը նո­ւի­րեալ միա­բան­նե­րու կող­մէ Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջին, Սր­բա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին, Բարձր­բեր­դի Ա­ւե­տա­րա­նին եւ այլ ձե­ռա­գիր­նե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցա­կան սպաս­նե­րուն փո­խադ­րու­թիւ­նը նախ Հա­լէպ ու ա­պա Ան­թի­լիաս։

Աք­սո­րի ու ա­նո­րո­շու­թեան ճամ­բան ե­լլե­լէ ա­ռաջ, Կի­լի­կիոյ ա­րի Հայ­րա­պե­տը Կի­լի­կեան հո­ղին վրայ գրի ա­ռած վեր­ջին սրբա­տառ կոն­դա­կին ճամ­բով, իր ա­ղօթ­քը կը բարձ­րաց­նէր առ Աս­տո­ւած ը­սե­լով՝ “Կ­’ա­ղա­չեմ զԱս­տո­ւած հարցն մե­րոց­…որ­պէս­զի Տաւ­րո­սը Մա­սի­սին կա­պող եւ հայ ա­րիւ­նով գե­ղա­զար­դո­ւած ծիա­ծա­նը ի սփիւռս աշ­խար­հի ցրո­ւած հա­յու­թեան հա­մար ըլ­լայ Ա­ւե­տեաց Եր­կի­րը, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ (գլխագ­րու­մը Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ) ա­ռաջ­նոր­դող հրե­ղէն սիւ­նը“ (“­Պատ­մու­թիւն Կա­թո­ղի­կո­սաց Կի­լի­կիոյ“, Բաբ­գէն Ա. Ա­թո­ռա­կից Կա­թո­ղի­կոս, 1939, Ան­թի­լիաս, էջ 972)։ Հա­յոց տես­լա­պաշտ Հայ­րա­պե­տին հո­գիէն ժայթ­քած մար­գա­րէա­տե­սիլ բա­ռեր…։

Ու­րախ լեր քու ե­րա­նա­կան հան­գիս­տիդ մէջ, Սր­բազ­նա­սուրբ Հայ­րա­պետ. դար­ձեալ ա­զա՛տ է ու ան­կա՛խ մեր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քը. հզօ՛ր է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ու ծա­ռա­յու­թեամբ. եւ ա­ւե­լի քան եր­բեք միա­կա՛մ է ու յանձ­նա­ռո՛ւ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ։

Ե­թէ կորսն­ցու­ցինք հո­ղե­ղէն Կի­լի­կիան, շի­նե­ցինք սա­կայն հո­գե­ղէն Կի­լի­կիան։ Եւ սա պա­հուն, հո­գե­ղէն Կի­լի­կիա­յէն միա­բա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­կած են խո­նար­հե­լու՝ մեր սրբա­ցեալ նա­հա­տակ­նե­րու եւ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ Հայ­րա­պե­տա­կան Գահ բարձ­րա­ցած եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­ռաջ­նոր­դած Հայ­րա­պետ­նե­րուն խնկե­լի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­կած են Մեր թե­լադ­րու­թեամբ ու օրհ­նու­թեամբ, հա­յու քրտին­քով ու ա­րիւ­նով թրծո­ւած կի­լի­կեան հո­ղին ու յատ­կա­պէս Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի միւ­ռո­նա­բոյր հո­ղին վրայ կանգ­նած՝ մեր դա­րա­ւոր կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջե­լու եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու՝ հա­ւա­տա­րիմ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կին։

Թող հնչեն ու ար­ձա­գան­գեն հայ կեան­քէն ներս Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան օրհ­ներ­գին ա­պա­գա­յա­տե­սիլ բա­ռե­րը՝

           “Եր­բոր բա­ցո­ւին դռներն յու­սոյ

           Եւ մեր երկ­րէն փախ տայ ձմեռ,

           Չք­նաղ եր­կիրն մեր Ար­մե­նիոյ

           Երբ փայ­լէ իւր քաղց­րիկ օ­րեր,

           Եր­բոր ծի­ծառն իր բոյն դառ­նայ,

           Եր­բոր ծա­ռերն հանգ­նին տե­րեւ,

           Ցան­կամ տես­նել զիմ Կի­լի­կիա,

           Աշ­խարհ որ ինձ ե­տուր ա­րեւ…”։

Յի­շել, յի­շեց­նել ու պա­հան­ջե՛լ…։ Ա­հա՛ իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն եւ ո՛ղջ հա­յու­թեան կեան­քի ճշմա­րիտ ու­ղին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

22 Օ­գոս­տոս 2015 Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րան Կի­լի­կիա