Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, լոյս տե­սած է ­Վինս­գոն­սին բնա­կող ­Թո­րոս ­Մա­տաղ­ճեա­նի «­Յու­շա­մա­տեան ­Թո­մար­զա­յի» գիր­քին անգ­լե­րէն տար­բե­րա­կը:

Յու­շա­մա­տեա­նը հե­տաքրք­րա­կան ազ­գագ­րա­կան եւ պատ­մա­կան տե­ղե­կատ­ւու­թիւն կը հա­ղոր­դէ այժ­մեան ­Թուր­քիոյ ­Թո­մար­զա հայ­կա­կան գիւ­ղի ծագ­ման, զար­գաց­ման եւ, վեր­ջա­պէս, 1915 թո­ւա­կա­նին տե­ղի բնակ­չու­թեան գաղ­թին մա­սին դէ­պի Ա.Մ.Ն. ­Վինս­գոն­սին նա­հանգ: Ա­նի­կա կը նե­րա­ռէ ­Թո­մար­զա­յի բնա­կիչ­նե­րուն յու­շե­րը եւ վկա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հա­ւա­քո­ւած են 60 տա­րի ա­ռաջ: ­Կաշ­կա­կար ­Թո­րոս ­Մա­տաղ­ճեան Ա.Մ.Ն. գաղ­թած է 1910 թո­ւա­կա­նին: «­Յու­շա­մա­տեան ­Թո­մար­զա­յի» գիր­քը հե­ղի­նա­կին ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւնն է: Ա­նի­կա լոյս տե­սած է 1959 թո­ւա­կա­նին հա­յե­րէ­նով եւ նո­ւի­րո­ւած է ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն` ի յի­շա­տակ հե­ղի­նա­կի ծննդա­վայ­րին: ­Գիր­քը վե­րա­հա­րա­տա­րա­կած է ­Թո­րոս ­Մա­տաղ­ճեա­նի թոռ­նու­հին` ­Ժա­նէթ Մ­րա­զեգ ­Մա­տաղ­ճեան: ­Յու­շագ­րու­թիւ­նը անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած է ­Գե­րա­պա­տո­ւե­լի Ար­թեն Աշ­ճեան: ­Գիր­քը հա­սա­նե­լի է Amazon.com կայ­քին մի­ջո­ցով:

­