Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռու­սաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող Մար­գա­րի­տա Գաս­պա­րեան դար­ձած է Պա­քո­ւի մէջ ըն­թա­ցող WTA մրցա­շա­րի յաղ­թա­կա­նը: Եզ­րա­փա­կի­չին ան յաղ­թեց ռու­մա­նա­ցի թե­նի­սի մար­զիկ Պատ­րի­ցիա Մա­րիա Տի­գին 6:3, 5:7, 6:0 ար­դիւն­քով: Մր­ցու­մը տե­ւեց 2 ժամ 30 վայր­կեան: Այս յաղ­թա­նա­կի շնոր­հիւ Մար­գա­րի­տա Գաս­պա­րեան, բա­րե­լա­ւե­լով իր ցու­ցա­նի­շը, 87րդ տե­ղէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ 51րդ տե­ղը WTA վար­կա­նի­շին: Մար­գա­րի­տա Գաս­պա­րեան յաղ­թեց նաեւ զոյ­գե­րով մրցու­մին: Մար­գա­րի­տա Գաս­պա­րեան-Ա­լեք­սանդ­րա Պա­նո­վա զոյ­գը, որ յայ­տագ­րո­ւած էր ա­ռա­ջին հա­մա­րի տակ, մրցա­շա­րի եզ­րա­փա­կի­չին յաղ­թեց երկ­րորդ հա­մա­րի տակ հան­դէս ե­կող Վի­տա­լիա Դ­յա­չեն­կօ-Օլ­գա Սավ­չուկ զոյ­գին 6:3, 7:5 ար­դիւն­քով: Գաս­պա­րեա­նի եւ Պա­նո­վա­յի հա­մար ա­սի­կա ա­ռա­ջին հա­մա­տեղ ե­լոյթն էր WTA մրցա­շա­րին: Ա­ւե­լի առաջ ա­նոնք եզ­րա­փա­կիչ հա­սան 2014ի Տաշ­քեն­դի մրցա­շա­րին: Մար­գա­րի­տա Գաս­պա­րեան կը զբա­ղի թե­նի­սով 5 տա­րե­կա­նէն: