Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ո­ւա­շինկ­թըն Փոսթ» թեր­թը հրա­պա­րա­կած է աշ­խար­հի մէջ բռնա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գե­րուն բնո­րոշ ընտ­րա­կան զեղ­ծա­րա­րու­թեանց մա­սին յօ­դո­ւած մը, ուր յի­շա­տա­կու­թիւն կայ նաեւ 2013ին Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ընտ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու զեղ­ծա­րա­րու­թեանց մա­սին:

Թեր­թը բաղ­դա­տու­թիւն­ներ կ­՛ը­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի ու Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի մի­ջեւ, ուր ան­ցեալ Կի­րա­կի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած էին, եւ ընտ­րող­նե­րու 99,97 տո­կո­սը իբր թէ մաս­նակ­ցած էր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թը այդ առն­չու­թեամբ կը յի­շա­տա­կէ նաեւ 2013ին Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը եւ հե­տե­ւեա­լը կը գրէ.-

«2013ին, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խոր­դող օ­րը, տա­կա­ւին քո­ւէար­կու­թիւ­նը չէր սկսած, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը գրպա­նի հե­ռա­ձայն օգ­տա­գոր­ծող­նե­րուն հա­ղոր­դեց ընտ­րու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը: Ն­շո­ւե­ցաւ, որ նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ դար­ձեալ 72 տո­կո­սով յաղ­թա­նակ տա­րած էր: Ընդ­դի­մու­թեան թեկ­նա­ծուն ալ իբր թէ ըն­դա­մէ­նը 10 տո­կոս քո­ւէ հա­ւա­քած էր: Սա­կայն ա­տեն մը ետք պե­տա­կան մար­մի­նը հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը տա­րա­ծեց, թէ հե­ռա­ձայն­նե­րուն ու­ղար­կո­ւած ցու­ցա­նիշ­նե­րը գրան­ցո­ւած են նա­խորդ տա­րի­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ սխալ­մամբ է, որ հրա­պա­րա­կո­ւած են»:

Թեր­թը կ­՛ընդգ­ծէ, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան եւ ար­դիւնք­նե­րու նմա­նօ­րի­նակ բարձր ցու­ցա­նիշ­նե­րը բնո­րոշ են բռնա­պե­տա­կան եր­կիր­նե­րուն, ինչ­պիս­իք են Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­զախս­տան եւ այլն: