ՀՌՈՄ
UNHATE խորագրով լուսանկարչական ծանուցումներու նոր շարք մը հրապարակեց Benetton ընկերութիւնը, ուր քաղաքական դէմքեր ...իրար կը մօտենան:
Պարաք Օպամա կը համբուրէ Հիու Զինտաոն, Անկելա Մերքել՝ Նիքոլա Սարքոզին, Պենճամին Նեթանիահու՝ Մահմուտ Ապասին, նոյնիսկ Պապը կը համբուրէ եգիպտացի իմամ Ահմետ Էլ-Թայիպին (այս վերջին լուսանկարը սակայն շուտով վերցուեցաւ ընկերութեան կայքէջէն եւ պաստառներէն): Benetton ընկերութիւնը դիտել կուտայ, թէ իր խնդրայարոյց լուսանկարներով կը փորձէ «համաշխարհային սիրոյ» գաղափարը տարածել:
ՔՈՒԷՅԹ
Քուէյթի ընդդիմութիւնը երէկ ուշ գիշերին յայտնեց, որ հազարաւոր քուէյթցիներ ներխուժած են երկրին խորհրդարանը, երբ երկրին ապահովութեան ուժերը փորձած են խոշտանգել խորհրդարանին դիմաց բողոքի ցոյցեր կատարող եւ Քուէյթի վարչապետին պաշտօնա- զրկումը պահանջող ցուցարարները:
Քուէյթեան ապահովութեան ուժեր անմիջապէս շրջափակեցին խորհրդարանը, ուր փութաց նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ալամ Քանտարին՝ ստուգելու համար տիրող կացութիւնը: Իր կարգին, գնդ. Մահմուտ Տոսարի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը չխոշտանգեցին ցուցարարները, այլ՝ ստիպուեցան ինքնապաշտպանութեան դիմել:
Նշենք, որ կէս գիշերուան մօտ կարելի եղաւ խորհըրդարանը դատարկել ցուցարարներէն, ինչպէս նաեւ ձերբակալել կարգ մը քաղաքայիններ: