Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կը կը հա­ղոր­դէ, որ Ըն­կեր­վա­րա­կան Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան ­Սեւ­ծո­վեան շրջա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հեր­թա­կան ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ 31 ­Յու­լի­սէն 1-2 Օ­գոս­տոս 2015ին, Վ­րաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Թիֆ­լի­սի մէջ:

­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին մօտ 30 պա­տո­ւի­րակ­ներ: Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը կը մաս­նակ­ցէր մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չով` ­Կա­րա­պետ ­Շա­տո­յեան:

­Ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կո­ւած էին «Ինչ­պէ՞ս կրնանք հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել» եւ «­­Խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տում եւ տագ­նապ­նե­րու կա­ռա­վա­րում ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան տե­սան­կիւ­նէն»: ­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէր Եւ­րո­պա­յի Ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ ­Մա­րիէ ­Լա­ֆե­պեր, որ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցաւ քննար­կո­ւող եր­կու նիւ­թե­րուն շուրջ: Այլ զե­կու­ցա­բեր­նե­րու շար­քին, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հան­դէս ե­կաւ «Ինչ­պէ՞ս կրնանք հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ կեր­տե­լու հա­մար» նիւ­թին մա­սին՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշե­լով, որ «յետ-խորհր­դա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ ըն­կեր­վա­րու­թիւն բառն իսկ կը յա­ռա­ջաց­նէ զգու­շա­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա կը նոյ­նա­ցո­ւի խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­մայ­նա­վա­րու­թեան հետ: ­Լուծ­ման տար­բե­րակ­նե­րէն մէ­կը ըն­կեր­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ աշ­խա­տանք­նե­րը կրնան ըլ­լալ նշեալ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ, ուր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կա­րե­լիու­թիւն կ­­՛ու­նե­նայ ծա­նօ­թա­նա­լու ըն­կեր­վա­րա­կան ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն եւ մօ­տե­ցում­նե­րուն»:

­Պա­տո­ւի­րակ­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան այ­ցե­լե­լու Վ­րաս­տա­նի խորհր­դա­րան եւ «Վ­րա­ցա­կան Ե­րա­զանք» կու­սակ­ցու­թեան գրա­սե­նեակ, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցան կու­սակ­ցա­կան եւ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ` քննար­կե­լով շրջա­նա­յին հար­ցեր: ­Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը նշեց, որ «Վ­րաս­տան տար­բեր մար­զե­րու մէջ կը գոր­ծակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հետ, ինչ որ պէտք չէ ազ­դէ հայ-վրա­ցա­կան փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ Վ­րաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ»: Ի պա­տաս­խան, վրա­ցա­կան կող­մը վստա­հե­ցուց, որ «ի­րենց հա­մար կա­րե­ւոր է ­Հա­յաս­տա­նի հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն զար­գա­ցու­մը»:

­Պա­տո­ւի­րակ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ­Թիֆ­լի­սի տե­սար­ժան վայ­րեր: