Բեմին վրայ եռանդուն, խանդավառ, սրամիտ եւ իսկական արուեստագէտի բոլոր տուեալներով օժտուած, տասնեակ տարիներ սերունդներ եւ սերունդներ հմայած ու տակաւին հմայող 91ամեայ Շարլ Ազնաւուրի ներկայութիւնը, իսկական հմայք մը ըլլալէ բացի, ոչինչ կրնայ ըլլալ եւ պահ մը հանդիսատեսին մտածել տալ, թէ ան շատ հեռու է նոյնիսկ 70ամեակի դռները բախելէ:
Պաթրունի միջազգային փառատօնին բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 1 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան ժամը 9:30ին, միջազգային առասպել Շարլ Ազնաւուրի պատմութիւն կերտած եւ տակաւին պատգամ ու սէր փոխանցող ձայնով: Հակառակ փառատօնին վերաբերող կազմակերպական որոշ հարցերու, հազիւ բեմին վրայ երեւցած` Ազնաւուր արդէն իսկ իր հմայքն ու գրաւչութիւնը տարածեց ներկաներուն վրայ` ուրախութիւն յայտնելով Լիբանան գտնուելուն եւ իր լիբանանցի երկրպագուներուն դիմաց անգամ մը եւս ելոյթ ունենալուն համար:
Ազնաւուր երգեց կեանքը, սէրը, բանաստեղծութիւնը, երգեր ձօնեց իր մօր, սիրահարին, ընկերոջ, իր 9 տասնեակ տարիներու փորձառութենէն քաղած դասերը արուեստի ճամբով շնչաւորեց ու փոխանցեց ներկաներուն, երգեց իր կեանքը, բացաւ իր սիրտը` զայն հրամցնելով ներկաներուն, պարեց ու բեմական ուրոյն պատկերներ ուրուագծեց բեմին վրայ եւ շուրջ մէկուկէս ժամ գերեց աւելի քան 5 հազար արուեստասէր-ազնաւուրասէրները: Առասպելի կոչում վայելող հայ արուեստագէտին կողմէ լիբանանցիներուն հրամցուած այս իւրայատուկ երեկոն, Լիբանանի փառատօներու պատմութեան մէջ, պիտի ունենայ իր ուրոյն դրոշմը` Ազնաւուրեան ազնուականութեամբ պարուրուած: