CCAFի (Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու համակարգող Խորհուրդ) պատուիրակութիւն մը, բաղկացած իր երկու համանախագահներէն՝ Մուրատ Փափազեանէ եւ Արա Թորանեանէ, Երեքշաբթի՝ Յուլիս 28ին ընդունուած է Քէ տ՚Օրսէ, արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոնք իրենց ցասումը յայտնած են
Լօռան Ֆապիիւսի եւ Պերնար Գազնէօվի կողմէ ստորագրուած այն շրջաբերականին կապակցութեամբ, որ կը նախատեսէ «ֆրանսական տեղական հաւաքականութիւններուն արգիլել գործակցութեան որեւէ համաձայնագիր կնքել ֆրանսական կառավարութեան կողմէ չճանչցուած միաւորներու, ինչպէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ»:
Հայկական պատուիրակութիւնը, որ ընդունուած է արտաքին գործոց նախարարութեան Ա.Պ.Հ.ի, ապահովութեան եւ ռազմավարական հարցերու խորհրդականին կողմէ, յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը եւ անոր՝ ռազմատենչ Ատրպէյճանի կողմէ ենթարկուած կղզիացումէն դուրս գալու իրաւունքը, պահանջելով՝ որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկուի ապակեդրոնացեալ գործակցութեան շրջանակին մէջ եւ տեղեկութիւն տրուի օրէնսդրական այն շրջանցումներուն մասին, որոնք կարելի կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն գործակցութիւնը Ֆրանսայի տարածքային հաւաքականութիւններուն հետ:
Իրենց խօսակիցը՝ Կիյոմ Օլանիէ դիտել տուած է, որ այս շրջաբերականին նպատակն է նահանգապետներուն յիշեցնել ապակեդրոնացեալ գործակցութեան օրէնսդրական շրջանակը եւ նշել տեղական ընտրեալներուն, որ կարելի չէ Ֆրանսայի կողմէ չճանչցուած հողատարածքերը օրինապէս ճանչնալ որպէս անկախ պետութեան մը պատկանող տարածքներ: «Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ կարելի չէ յարաբերութիւններ հաստատել եւ զանոնք զարգացնել»,- ըսած է ան: Օլանիէ յանձնառու եղած է ներքին գործոց նախարարին հետ տեսակցելով՝ «հարցը յստակացնելու եւ նախկին շրջաբերականին որեւէ սխալ մեկնաբանութեան առաջքը առնելու»: