Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի՝ 30 Յուլիս 2015ին, Ժմմէյզէի «Փասթէօր» հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայութեան երախտագիտութեան յուշակոթողին, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Լիբանանեւհայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան եւ Վայելէ Էշրեֆիէն ընկերակցութեան կողմէ Լիբանանին առ ի երախտագիտութիւն նուիրուած այս յուշակոթողի բացման հանդիսութեան առիթով՝ խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, որ ընդգծեց, թէ այս յուշակոթողը կը հաստատէ ընտրանքներու սակաւութիւնը` կա՛մ տեղի կու տանք ահաբեկչական հոսանքին դիմաց եւ կա՛մ մեր գլուխները բարձր պահելով կը պաշտպանենք քաղաքակրթութիւնը:
«Այսօր երջանիկ օր է, որովհետեւ այս առիթը վերածուած է այս յուշակոթողով դրսեւորուող քաղաքակրթական, արուեստի ստեղծագործութեան, եւ հայկական ձեռքը միաձուլուած է լիբանանեան ձեռքով»,- շարունակեց նախարար Ֆարաոն` բարձր գնահատելով Ժմմէյզէի եւ Էշրեֆիէի ցուցաբերած խիզախ կեցուածքը արուեստի, իւրայատկութեանց եւ սկզբունքներու պաշտպանութեան մէջ: Ան յատկապէս դրուատեց Էշրեֆիէն, որուն բնակչութիւնը հիւրընկալեց հայ ժողովուրդը աւելի քան ութսուն տարիներ առաջ, որովհետեւ կը հաւատայ այս ժողովուրդի գոյատեւելու իրաւունքի իրաւացիութեան, հաստատելով հայկական ջարդերուն գծով այս մեծ պայքարի արդարացիութիւնը եւ յիշեցնելով, որ այս շրջանը 24 Ապրիլին զօրակցական կեցուածքով հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով: