Հայ աճպարար Քրիստիան Թորոսեան, Յուլիս 29ին, Պուէնոս Այրէսի Սան Մարթին հրապարակին վրայ ցուցադրած է հնարք մը` 100 վայրկեան կախուած մնալով օդի մէջ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am։
«Օդի մէջ չմնայ» կարգախօսի ներքոյ իրականացած հնարքը լուսաբանած է արժանթինական Dia a Dia պարբերականը` ընդգծելով, որ 2013ին Քրիստիան Թորոսեան պարգեւատրուած է Քորտովայի մէջ իր հասարակական աջակցութեան համար: Քրիստիան Թորոսեան Քորտովա նահանգին մէջ յայտնի է իր մասնագիտական աճպարարութեամբ, այդ իսկ պատճառով ալ վերոնշեալ բաժինը ընտրած է իբրեւ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման եղանակ: Միեւնոյն ժամանակ, մինչ ան կը ցուցադրէր իր հնարքը, խումբ մը երիտասարդներ բոլոր հետաքրքրուողներուն եւ լուսանկարուիլ փափաքողներուն բաժնած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ոգեկոչման հետագայ ձեռնարկներուն մասին պատմող տեղեկատուական թերթիկներ: