Հայկական արմատներ ունեցող ամերիկացի քոնկրեսական Աննա Էշու, որ մօր կողմէ մականունով Բաբայեան է, հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման ամենաեռանդուն կողմնակիցներէն մէկն է: «Ամերիկայի ձայն»ի փոխանցումով՝ ան լիայոյս է, որ ապագային անպայման պիտի նպաստէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւննե րու առաւել խորացման եւ յիշեցուցած է, որ հայ ժողովուրդը Ա.Մ.Ն. Քոնկրեսի մէջ ունի բազմաթիւ բարեկամներ: Քոնկրեսականի խօսքով՝ հաշուի առնելով հայ-ասորական արմատները, ինք կրնայ յատուկ դեր խաղալ այդ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: «Ես կը զգամ, որ յատուկ պատասխանատուութիւն ունիմ, այսպէս ըսած սուրբ պարտաւորուածութիւն՝ օգնելու հայ ժողովուրդի հետ յարաբերութիւններու զարգացման»: Աննա Էշու համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աջակցին Հայաստանի մէջ պետական եւ հանրային հաստատութիւններու զարգացման, քանի որ այդ հաստատութիւններն են, որ այնուհետեւ ժողովրդավարութեան զարգացման լաւագոյն գործիքը կը դառնան, որ իր հերթին կը բարելաւէ տնտեսական վիճակը երկրի մէջ: Կիսուելով Ապրիլին՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրերուն Հայաստան կատարած իր այցի տպաւորութիւններով, քոնկրեսականը նշած է, որ հաճոյքով նկատած է տաղանդաւոր երիտասարդներու բազմութիւնը Հայաստանի մէջ.- «Երիտասարդները կ՝ուզեն նայիլ դէպի ապագան։ Այսպիսով՝ Հայաստանը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պահպանելու այդ երիտասարդները՝ պայմաններ ստեղծելով անոնց համար, որպէսզի տեղի չունենայ ուղեղներու արտահոսք, եւ որ անոնք Հայաստանին մէջ մնալու պատճառ ունենան, վերականգնին ու զարգացնեն երկրի տնտեսութիւնը»: աւելցուցած է քոնկրեսականը: