Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 ­Յու­լիս 2015ի ե­րե­կո­յեան, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս այ­ցե­լեց Զմմա­ռու ­Վանք, շնոր­հա­ւո­րե­լու նո­րըն­տիր ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ Գ­րի­գոր-­Պետ­րոս Ի. ­Պատ­րիար­քը: ­Նո­րին Սր­բու­թեան կ’ըն­կե­րա­նա­յին ­Լի­բա­նա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեան, ­Բե­րիոյ ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Եպս. ­Սար­գի­սեան, Տ­պա­րա­նի տե­սուչ ­­Նո­րայր Եպս. Ա­շը­ գեան եւ ­Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ ­­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան:

­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ նո­րըն­տիր ­Հո­գե­ւոր ­Տի­րոջ կող­մէ եւ «Հ­րա­շա­փառ»ով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ մա­տուռ: Ա­պա վան­քի դահ­լի­ճին մէջ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րեց ­հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քը իր նոր ­Պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան հա­մար եւ շեշ­տեց գոր­ծակ­ցու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, յատ­կա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ստեղ­ծո­ւած ներ­կայ պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ:

­Նո­րըն­տիր ­Պատ­րիար­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին այ­ցե­լու­թեան հա­մար, եւ նշեց թէ ­Նո­րին Սր­բու­թեան հո­վո­ւա­պե­տա­կան քսա­նա­մեայ փոր­ձա­ռու­թե­նէն մե­ծա­պէս պէտք է օգ­տո­ւիլ՝ այս դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ առաջնորդելու մեր ժո­ղո­վուր­դը: