Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շա­բաթ՝ 25 Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, Լի­բա­նա­նի նո­րա­կա­ռոյց ազ­գա­յին միա­ցեալ վար­ժա­րան այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան Կո­մի­տէի նա­խա­գահ, բա­րե­րար Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հէ եպս. Փա­նո­սեա­նի, Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, քա­հա­նայ հայ­րե­րու, լի­բա­նա­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու եւ պատ­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու:

Ծա­ռու­կեան մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ վար­ժա­րա­նի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յայտ­նեց, որ «­Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան Բա­րե­գոր­ծա­կան Հիմ­նադ­րամ»ը 100.000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան նաեւ այ­ցե­լեց Լ.Օ.Խ.ի «Ա­րաք­սի Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րոն, ուր Լ.Օ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան եւ կեդ­րո­նի տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ Լ.Օ.Խ.ի բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թեան եւ յատ­կա­պէս կեդ­րո­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ծա­ռու­կեան դրո­ւա­տի­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ Լ.Օ.Խ.ի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: