Քալիֆորնիոյ Նահանգային Համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջափակին մէջ, միայն երեք ամիս առաջ հաստատուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը պղծուած է:
Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան տեղեկացուցած է, թէ անյայտ անձեր Յուլիս 24ին քանդած են յուշարձանին մէկ մասը: Քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ դէպքը կը հետաքննուի ներկայիս: Ան ըսած է, որ մետաղեայ վահանակը վնասուած է եւ վստահեցուցած, թէ Ֆրեզնոյի իշխանութիւնները զայն պիտի վերանորոգեն այս շաբաթ:
«Այս յանցագործութիւնը կատարուած է ատելութեան հողի վրայ եւ անոր նկատմամբ պէտք է շատ լուրջ վերաբերիլ։ Կարելի չէ նման բան հանդուրժել»,- ընդգծած է Պերճ Աբգարեան:
Պատուոյ հիւպատոսը աւելցուցած է, որ յուշարձանը բացուած էր այս տարուան Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ: Աբգարեան քաղաքի ոստիկանութեան եւ ղեկավար մարմիններուն հետ մօտէն կ՛աշխատի՝ դէպքի պատասխանատուները բացայայտելու համար:
Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճոզէֆ Քասթրօ իր կարգին ցաւ յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած այս յուշարձանին վրայ նշեալ յարձակումին կապակցութեամբ: «Դիմած եմ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որ միասնաբար աշխատին պատմական այս յուշարձանը պաշտպանելու համար։ Տուֆով պատրաստուած յուշարձանը հայ ազգի մշակոյթին խորհրդանիշն է»,- ըսած է ան:
Յուշարձանը կառուցուած է Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին նմանութեամբ: Ինը սիւները կը խորհրդանշեն Պատմական Հայաստանի 6 նահանգները, Կիլիկիան, Սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սիւներու վերնամասը միաւորուած է, ինչ որ կը խորհրդանշէ այն պատգամը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը թէեւ խոր սպի ձգած է, սակայն չէ խախտած հայ ազգին միասնականութիւնը: