Յուլիս 22ին, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, տեղի ունեցաւ Նոր Հաճըն քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Եկեղեցին, որուն հիմնարկեքը կատարուած էր 2011 թուականին, կառուցուած է Գագիկ Ծառուկեանի բարերարութեամբ: Եկեղեցւոյ նախագիծի հեղինակն է Հ.Հ. վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեան:
Ամենայն Հայոց Հայրապետին ու Հ.Հ. նախագահին, եկեղեցւոյ առջեւ, դիմաւորեցին Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել Արքեպիսկոպոս Քարամեան, եկեղեցւոյ բարերար Գագիկ Ծառուկեան, Կոտայքի մարզպետ Կարապետ Գուլոյեան, Նոր Հաճընի քաղաքապետ Գագիկ Մաթեւոսեան եւ բազում ուխտաւոր հայորդիներ: Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, հոգեւորականաց դասի ուղեկցութեամբ մուտք գործեց նորակառոյց եկեղեցի, ուր սկսաւ եկեղեցւոյ օծման կարգը: Շարականներու եւ սաղմոսներու երգեցողութենէն, աղօթքներու ընթերցումէն ետք խորան բարձրացուեցաւ սրբալոյս միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանի օծումը: Խորանի սիւներու, Մկըրտութեան Ս. Աւազանի եւ Խորանի Շուրթի օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Արիս Արքեպիսկոպոս Շիրվանեանի, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի, Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Տաւուշի թեմի առաջնորդ եւ Մայր Աթոռի Եկեղեցական Հայեցակարգային Հարցերու Գրասենեակի տնօրէն Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Մայր Աթոռի վարչատընտեսական բաժնի տնօրէն Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաբայեանի: Օծումէն ետք կատարուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նորակառոյց եկեղեցին կոչեց Ս. Ամենափրկիչ:
Այնուհետեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, այս ուրախալի առիթով, իր օրհնութեան պատգամը բերաւ արարողութեան մասնակիցներուն եւ Նոր Հաճընի բնակիչներուն:
«Մեծ է բոլորիս ուրախութիւնն այսօր. Հայոց Աստուածօրհնեալ երկնակամարի ներքոյ նոր աղօթատուն մը` Նոր Հաճընի շքեղաշուք Սուրբ Ամենափրկիչ այս եկեղեցին, իր դռները կը բանայ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի առջեւ: Գոհութիւն կը մատուցենք Երկնաւոր Տիրոջը, որ հերթական անգամ Մեզի առիթն ու հնարաւորութիւնը կ’ընձեռէ կատարելու նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հոգենորոգ արարողութիւնը»,- ըսաւ Գարեգին Բ. Հայրապետ: