Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հայ­կա­կան ու ա­մե­րի­կեան յա­ռա­ջա­տար կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այս շա­բաթ հան­դի­պած են Ա.Մ.Ն. պետ­քար­տու­ղա­րու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, որ­պէս­զի գտնեն ի­րա­գոր­ծե­լի լու­ծում­ներ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Սու­րիոյ, Լի­բա­նա­նի ու Հա­յաս­տա­նի սու­րիա­հա­յե­րուն մի­ջազ­գա­յին օգ­ նու­թեան ա­ռաք­ման թե­րու­թիւն­նե­րը վերց­նե­լու հա­մար:

Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բէն՝ խօ­սե­լով ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու ա­նու­նով, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­ներ Քէն Խա­չի­կեան, Հայկ Օ­շա­կան, Վի­գէն Յով­սէ­փեան, Թա­լին Դաղ­լեան, Ա­րամ Համ­բա­րեան եւ Քէյթ Նա­հա­պե­տեան կա­րե­ւո­րած են վտան­գի գօ­տիին մէջ ապ­րող սու­րիա­հա­յե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Լի­բա­նա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տո­ւած սու­րիա­հա­յե­րուն ա­ջակ­ցե­լու հար­ցե­րը: Ի­րենց հեր­թին` պետ­քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հաս­տա­տած են Ա.Մ.Ն.ի ցան­կու­թիւ­նը` ա­ջակ­ցե­լու Սու­րիոյ հայ­կա­կան հա­մայն­քին, եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու Ա­մե­րի­կա­յի հայ հա­մայն­քին հետ` Սու­րիոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի սու­րիա­հա­յե­րուն օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ժա­մա­նակ յա­ռա­ջա­ցող ո­րե­ւէ խնդրի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կ­՛աշ­խա­տի Քոնկ­րե­սի հետ` Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ սու­րիա­հա­յե­րուն տրո­ւող ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­ւելց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ` Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ 2016ին օ­տա­րերկ­րեայ օգ­նու­թեան օ­րի­նա­գի­ծի ծի­րէն ներս: