Այս մասին Tert.amին յայտնած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ որքա՞ն են Հալէպի մէջ ջուրի պաշարները:
«Այդ հորերուն մէկ մասին ջուրը կարելի է նկատել ըմպելի, միւս մասն ալ նախատեսուած է առօրեայ–կենցաղային գործածութեան համար: Եւ, անշուշտ, բացի այդ հորերէն, ջուր մատակարարող անձնական նախաձեռնութիւններ կան վճարովի: Ըմպելի ջուր` շիշերով, կայ նաեւ խանութներու մէջ»,- ըսած է Ժիրայր Ռէիսեան:
Ժիրայր Ռէիսեան նկատած է, որ Հալէպի մէջ օրական քանի մը ժամով, ըստ էութեան, հովահարային կարգով կայ նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարում, քանի որ նշած է.- «Ոչ յստակ ժամերով, բայց օրական մէկ-երկու անգամ` մէկ եւ կէս ժամ կը տրուի»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ Հալէպի մէջ քաղաքի հայազգի բնակչութեան ո՞ր մասը մնացած է, Բերիոյ առաջնորդարանի խօսնակը դժուարացաւ պատասխանել` ըսելով, որ ձեռքի տակ վիճակագրական տուեալներ չունի եւ որ ոչ ոք ունի զանոնք: «Որովհետեւ միշտ տեղաշարժ է. կայ ժամանակաւոր, կան այլ պատկերացումներ, եւ ոչ ոք վիճակագրական տուեալ կրնայ ունենալ»,- աւելցուցած է ան: Հարցումին, թէ հալէպահայութիւնը մէկ միասնական դիրքորոշում ունի՞ մնալու կամ գաղթելու, վերջինս ըսած է.- «Իւրաքանչիւր անձ, իր անձնական պայմաններէն դրդուած, կ’որոշէ իր ընելիքը: Այսինքն` մնալն ալ իր անձնական որոշումն է, դուրս գալն ալ»: