Երեքշաբթի՝ 21 Յուլիս 2015ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ապունա Մատթէաս Պատրիարքի միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Նարեկ Արք. Ալէմէ զեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ Կալուածոց Յանձնախումբի անդամ Վահէ Գալինճեան: Իսկ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ կողմէ, Պատրիարքի կողքին, ներկայ էին Պատրիարքի օգնական երկու եպիսկոպոսներ, Միջին Արեւելքի եթովպիական համայնքներու Առաջնորդը եւ Լիբանանի մէջ Եթովպիոյ դեսպանը: Շուրջ ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ քոյր Եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրներ: Շեշտուեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպական համայնքին հետ աղերս ունեցող օրինական, վարչական, տնտեսական եւ հովուական շարք մը հարցեր:
Յայտնենք, որ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպական համայնքը ցարդ իրաւական ճանաչում չունի, իբրեւ քոյր եկեղեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հովանաւորէ համայնքը` իրաւական ու հովուական գետնի վրայ: