Tert.amի փոխանցմամբ` այդ առնչութեամբ ANCAի պաշտօնական կայքին մէջ սկսած է ստորագրահաւաք:
Նամակով կոչ կ՛ուղղուի ամերիկացիներուն` նաեւ ճնշում գործադրելու Ա.Մ.Ն. կառավարութեան վրայ այն հարցի առնչութեամբ, թէ արդեօք Սուրիոյ մէջ Ա.Մ.Ն.ի եւ միջազգային հանրութեան տրամադրուած օգնութիւնը կը հասնի՞ սուրիահայերուն եւ վտանգի մէջ յայտնուած մնացեալ քաղաքացիներուն: «Մարդասիրական աջակցութիւնը ուշանալու կամ չհասնելու պատճառով՝ բազմաթիւ մարդիկ, յատկապէս ազգային փոքրամասնութիւններ, լքած են երկիրը»,- ըսուած է նամակին մէջ:
Ամերիկեան կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ նոյնպէս կրնայ աջակցիլ սուրիահայերուն: «Բազմահազար սուրիահայեր վերադարձած են հայրենիք, մինչդեռ Հայաստանը, որպէս փախստականներ ընդունող երկիր, շատ քիչ միջազգային աջակցութիւն կը ստանայ: Հետեւաբար, Ա.Մ.Ն.ն կրնայ այս հարցով կանգնիլ Հայաստանի կողքին, աջակցութիւն տրամադրել սուրիահայերուն` ընկերային ծառայութիւններու, վերապատրաստման եւ աշխատանք գտնելու, առողջական խնդիրներու կարգաւորման առնչութեամբ»,- նշուած է նամակին մէջ:
ANCAն կոչ կ՛ուղղէ նամակները ստորագրելու եւ հասցէագրելու ինչպէս նախագահ Օպամային, այնպէս ալ Քոնկրեսի իրենց նահանգէն ընտրուած ներկայացուցիչին: