Յովհաննէս Այվազովսկիի «9րդ Ալիք» (1850) ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ցանկին մէջ Աշխարհի 10 Լաւագոյն այն Կտաւներուն, որոնք կը պատկերեն ծովու ալիքներու անհաւանական գեղեցկութիւնը:
Ցանկը, որ նուիրուած է արուեստին` հիմնականօրէն լուսանկարչութեան ու գեղանկարչութեան, կազմած է միջազգային հեղինակաւոր «The Creative Business» blogը: Գերմանացի յայտնի արուեստաբան, նկարչուհի Անտրէա Պեքլենտ կազմած է ցանկը, ուր բազմաթիւ աշխատանքներ ընդգրկուած են Գերմանիոյ պետական, Հաակի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Ուաշինկթընի մասնաւոր հաւաքածուներէն: Տասնեակին մէջ ընդգրկուած են Ապրահամ Ուիլարեթսի «Փոթորկոտ Ծովը» (1629թ), Հոքուսայի «Կանագաւայի Հսկայ Ալիքը» (1829-1832թթ), Ուիլիըմ Թըրների «Սառոյցէ Փոթորիկ» (1842թ.), Քլոտ Մոնէի «Էտրետատի Փոթորկոտ Ծովը» (1883թ.) եւ այլ աշխատանքներ: «The Creative Business» blogը ստեղծած են Եւրոպայի եւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող խումբ մը լուսանկարիչներ, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ: Blogի նպատակն է ընկերային հաղորդամիջոցներու օգտագործումով աշխարհին ներկայացնել ընթացիկ ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Միաժամանակ՝ blogի համահիմնադիրները արուեստը կը ներկայացնեն գործարարական տեսանկիւնէ եւ տարատեսակ՝ ըստ նիւթի ընտրուած տասնեակներու կիրարկումով, վերլուծական յօդուածներու միջոցով կը փորձեն ապացուցել, որ արուեստի գործեր գնելը լաւագոյն ներդրումն է: