Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րին մէջ, վի­րա­հա­յոց թե­մը կազ­մա­կեր­պած է եր­կօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան վայ­րեր:

2015 թո­ւա­կա­նի Յու­նի­սի 24ին, Թիֆ­լի­սի Սուրբ Գէորգ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Նա­րեկ Քհնյ. Ղուշ­չեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ուխ­տա­ւոր­նե­րու շուրջ 40 հո­գիէ բաղ­կա­ցած խում­բը ու­ղե­ւո­րո­ւած է դէ­պի պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի Կարս, Սա­րի­ղա­միշ եւ Ա­նի քա­ղաք­ներ:

Ուխ­տա­ւոր­նե­րուն մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մած են Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած եւ Վ­րաս­տան, մաս­նա­ւո­րա­բար Թիֆ­լիս հաս­տա­տո­ւած հա­յոր­դի­նե­րու սե­րունդ­նե­րը:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան նպա­տակն էր ոտք դնել այն հո­ղին վրայ, ուր սու­րով ու հու­րով վտա­րո­ւած են մեր նախ­նի­նե­րը, խո­նար­հիլ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ու ի­րա­կա­նաց­նել փրկո­ւած նախ­նի­նե­րի ան­կա­տար փա­փա­քը` քա­լել 100 տա­րի ա­ռաջ բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քին մէջ: Ուխ­տա­ւոր­նե­րուն ա­ղօթ­քը հա­յոց պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ դար­ձած է այդ փա­փա­քին կա­տա­րու­մը, քան­զի ա­նոնց ա­ղօթ­քը միա­խառ­նո­ւած է հրեշ­տակ­ներ դար­ձած սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ա­ղօթ­քին հետ:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­թաց­քին վի­րա­հա­յոց թե­մի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը այ­ցե­լած են Կար­սի բեր­դը, տպա­ւո­րո­ւած են թան­գա­րա­նա­յին նմոյշ­նե­րով, դի­տած են ա­ւե­րակ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի տու­նը, խո­նար­հած են Հա­յաս­տա­նի 12 մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն` Ա­նիի փլա­տակ­նե­րուն առ­ջեւ:

Հա­ւա­տա­րիմ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան` Նա­րեկ Քհնյ. Ղուշ­չեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ղօ­թած են Կար­սի 10րդ դա­րու Սուրբ Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մո­մեր վա­ռած են ու մաս­նա­կից դար­ձած ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, իսկ Ա­նիի Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած հո­գե­ւոր ա­ղօթ­քէն ետք, ուխ­տա­ւոր­նե­րը ստա­ցած են նաեւ սուրբ հա­ղոր­դու­թիւն: Ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը թէեւ տպա­ւո­րիչ էր, սա­կայն` հո­գե­ցունց ու յու­զա­ռատ: