Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կան ու հո­գե­թով ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը` սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը, որ, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եօ­թը տա­րին ան­գամ մը կը կա­տա­րո­ւի, հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գու­թիւն կ’առ­թէ եւ Սուրբ Հո­գիի շնոր­հա­բաշխ ներ­կա­յու­թեամբ կը հզօ­րաց­նէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին տե­ղի ու­նե­ցած սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք 100 տա­րի­ներ շա­րու­նակ ա­ղա­ղա­կող ձայ­նը հան­դի­սա­ցան ան­պա­տիժ մնա­ցած այս ան­մարդ­կա­յին ո­ճի­րին: Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին, սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը ե­կաւ օ­ծե­լու հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր ան­միւ­ռոն մնա­ցած մա­նուկ­նե­րու եւ մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ սուր­բե­րու յի­շա­տա­կը եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր ար­դար դա­տի պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը:

Շա­բաթ՝ 18 Յու­լիս 2015ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:00ին, սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան հայ­րա­պե­տա­կան թա­փօ­րը ծայր ա­ռաւ Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի վե­հա­րա­նէն եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի վան­քի շրջա­փա­կին մէջ գտնո­ւող Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նը, ո­րուն առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի Ա­ջը պահ­պա­նող պատ­մա­կան արկ­ղը շալ­կող եր­կու ե­պիս­կո­պոս­ներ, Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի միւ­ռո­նը, հին միւ­ռո­նը, բա­լա­սա­նը եւ վար­դի իւ­ղը բռնող Ե­պիս­կո­պոս­ներ, ա­ռա­ւել տաս­ներ­կու զգես­տա­ւո­րո­ւած Ե­պիս­կո­պոս­ներ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը: Հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­ներ, ո­րոնք ե­կած էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րէն` հե­ռա­ւոր հիւ­սի­սա­յին ու հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­նե­րէն, Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն, Ի­րա­նէն, Ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րէն, ո­ղո­ղած էին Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի հսկայ շրջա­փա­կը: Հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն մըն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­մուր կա­պո­ւա­ծու­թեան ու հա­ւա­տար­մու­թեան՝ հան­դէպ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ ա­նոր հա­ւատ­քի ա­ռա­քե­լու­թեան: Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու շար­քին, սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վազ­գէն Եպս. Միր­զա­խա­նեան, Վի­րա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ Վար­դան Եպս. Նա­ւա­սար­դեան: Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն էին պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Սա­հակ Եպս. Մա­շա­լեան:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան եւ ա­ղօ­թա­կից դար­ձան զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու` ղպտի ուղ­ղա­փառ, ե­թով­պիա­ցի ուղ­ղա­փառ, հնդիկ մա­լա­պար, ա­սո­րի ուղ­ղա­փառ, մա­րո­նի, յոյն ուղ­ղա­փառ, ռուս ուղ­ղա­փառ, կա­թո­ղի­կէ, յոյն կա­թո­ղի­կէ, ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ, հայ կա­թո­ղի­կէ, քաղ­դէա­ցի, ա­ւե­տա­րա­նա­կան, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րու պե­տեր եւ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Լի­բա­նա­նի մէջ պա­պա­կան նո­ւի­րա­կը եւ Վա­տի­կա­նէն Ֆ­րան­չիս­կոս պա­պին անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կար­տի­նա­լը: Ներ­կայ էին նաեւ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, դես­պան­ներ եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի օ­տար թէ հայ բա­րե­կամ­ներ: Զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը, ո­րոնք չկրցան ան­ձամբ եւ կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջո­ցով ներ­կայ գտնո­ւիլ ա­րա­րո­ղու­թեան, շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ յղե­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին:

Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ըն­թա­ցաւ աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան եւ ա­ղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րով` Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու մաս­նա­կից Ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն կող­մէ, ա­ղեր­սե­լով աս­տո­ւա­ծա­յին օրհ­նու­թիւնն ու Սուրբ Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը:

Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նի պատ­մա­կան կաթ­սա­յին կա­փա­րի­չը բա­ցո­ւե­ցաւ եւ ա­րա­րո­ղա­պետ Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեա­նին հրա­ւէ­րով՝ Ե­պիս­կո­պոս­ներ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մա­տու­ցե­ցին ա­նու­շա­բոյր վար­դի իւ­ղը եւ բա­լա­սա­նը, զորս յա­տուկ ա­ղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցու­մով Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս խառ­նեց նոր միւ­ռո­նին: Ա­պա ան նոր միւ­ռո­նին խառ­նեց Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ օրհ­նո­ւած սուրբ միւ­ռո­նը` ի նշան հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­քակ­տե­լի միու­թեան եւ վեր­ջա­պէս միւ­ռո­նա­թափ ա­ղաւ­նիին մէ­ջէն վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը հե­ղուց հին միւ­ռո­նը` ա­պա­հո­վե­լով շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը Ս. Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լի Հա­յաս­տան բե­րած բժշկա­րար իւ­ղին եւ Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի կող­մէ օրհ­նո­ւած միւ­ռո­նին: Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ սրբա­զա­նը կար­դաց Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի խօս­քը, ո­րուն մէջ եղ­բայ­րա­կան սի­րով կ’ող­ջու­նէր Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը: Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս ը­սած է. «Սր­բա­ցեալ մեր նա­հա­տակ­նե­րի եւ բո­լոր սրբե­րի բա­րե­խօ­սու­թեան ա­ղեր­սով այժմ միա­ւո­րում ենք մեր ա­ղօթք­նե­րը սուրբ միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­ռի­թով` հայ­ցե­լով, որ Տէ­րը նրա­նով պար­գե­ւի մեզ հո­գե­ւոր խա­ղա­ղու­թիւն, դէ­պի Աս­տո­ւած ան­սայ­թաք ըն­թացք եւ մեր կեան­քը պահ­պա­նի խա­ղա­ղու­թեան ու բա­րօ­րու­թեան մէջ: Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան այս սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վերս­տին հրա­ւէր է մեզ առ Աս­տո­ւած հա­ւատ­քի եւ ուխ­տի նո­րո­գու­թեան, նա­խան­ձախնդ­րու­թեան՝ հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին մեր ինք­նու­թեան հան­դէպ, հրա­ւէր` միա­բան ու միաս­նա­կան մեր ջան­քե­րը ներդ­նե­լու ի սպաս մեր ե­կե­ղե­ցու պայ­ծա­ռու­թեան, մեր հայ­րե­նի­քի շէ­նաց­ման ու հզօ­րաց­ման, ի սփիւռս աշ­խար­հի ազ­գա­յին մեր կեան­քի զօ­րաց­ման»:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կան պա­հը ե­ղաւ, երբ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ «­Հա­ւատ­քի Հօր»` Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի ա­ջով Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս խառ­նեց նոր միւ­ռո­նը եւ ա­պա, նոր միւ­ռո­նով թաթ­խո­ւած Սուրբ Ա­ջով, օրհ­նեց ներ­կայ հա­զա­րա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը:

Ա­րա­րո­ղու­թեան եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «Շ­նոր­հա­լի» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Գա­րե­գին Վրդ. Շխր­տը­մեա­նի: Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի կնքա­հայ­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Ս­պա­հան-Ի­րա­նէն Վա­րուժ Մի­նա­սեան: Հայ­րա­պե­տա­կան «ամպ­հո­վա­նի»ն բռ­նե­լու պա­տի­ւը տրո­ւե­ցաւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի բա­րե­րար­նե­րէն տոքթ. Տր­դատ Ման­կի­կեա­նի (­Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ա­լեք­քօ Պէ­զի­քեա­նի (­Զո­ւի­ցե­րիա), Հ­րայր Սո­ղո­մո­նեա­նի (Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ), Ա­րա Խա­նո­յեա­նի (Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ), Գ­րի­գոր Մահ­սէ­րէ­ճեա­նի (Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ), Հեն­րիկ Տէր-­Ղու­կա­սեա­նի (Ի­րան), Սու­րէն Սար­գի­սեա­նի (­Լի­բա­նան) եւ Ա­տոմ Թն­ճու­կեա­նի (Անգ­լիա):

Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս հայ­րա­պ

Արամ Ա. Կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը կատարեց Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ

Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս հայ­րա­պե­տա­կան իր պատ­գա­մով նախ ող­ջու­նեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ե­րու­սա­ղէ­մի ու Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան Ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն ե­կած հո­գե­ւոր պե­տե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու միջ¬ե­կե­ղե­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէն ե­կած ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը:

Խօ­սե­լով սուրբ միւ­ռո­նին մա­սին` Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ը­սաւ.- «Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նը իւ­րա­յա­տուկ տեղ ու­նի մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սին ու ընդ­հան­րա­պէս մեր քրիս­տո­նէա­կան կեան­քին մէջ: Սուրբ միւ­ռո­նի դրոշ­մով հայ մա­նու­կը աս­տո­ւա­ծա­յին շնորհ­նե­րով կը լե­ցո­ւի եւ կը դառ­նայ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ:

Սուրբ միւ­ռո­նի օ­ծու­մով Աս­տու­ծոյ ու հայ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւո­րու­թեան կո­չո­ւած հայ մար­դը կը դառ­նայ նոր մարդ: Սուրբ միւ­ռո­նի ներ­կա­յու­թեամբ ա­պա­կա­նու­թիւ­նը կը հե­ռա­նայ մեր կեան­քէն ու սրբու­թեան շղար­շով կը ծած­կո­ւի մեր կեան­քը: Սուրբ միւ­ռո­նի հե­ղու­մով հա­ւատ­քի զէն­քով, յոյ­սի վա­հա­նով ու սի­րոյ ու­ժով զի­նո­ւած՝ կը դի­մագ­րա­ւենք կեան­քի ա­մէն տե­սակ չա­րերն ու չա­րիք­նե­րը: Այս հա­մո­զու­մով մեր ժո­ղո­վուր­դը ջերմ հա­ւատ­քով ու խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մօ­տե­ցած է միւ­ռո­նին»:

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով` Կա­թո­ղի­կո­սը յի­շե­ցուց.- «­Պատ­մու­թեան խա­ւա­րին դի­մաց մեր կեան­քը լոյ­սի ու յոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րով պայ­ծա­ռա­կեր­պեց սուրբ միւ­ռո­նը: Պատ­մու­թեան փո­թո­րիկ­նե­րուն դի­մաց երկ­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան ա­ւե­տի­սը բե­րաւ սուրբ միւ­ռո­նը: Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Սր­բա­լոյս Միւ­ռո­նը ան­քակ­տե­լիօ­րէն շա­ղա­խո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան հետ. քա­լեց հայ կեան­քի տա­ռա­պա­լից ճամ­բա­նե­րէն, նոյ­նա­ցաւ հա­յու էու­թեան հետ, ձգտում­նե­րուն ու ե­րազ­նե­րուն հետ` դառ­նա­լով հա­յո՛ւ միւ­ռոն: Սուրբ միւ­ռո­նով դրոշ­մո­ւե­ցաւ հա­յը, ա­նով ստա­ցաւ իր քրիս­տո­նեայ հա­յու ա­նու­նը, այլ խօս­քով` իր հա­րա­զատ ինք­նու­թիւնն ու իւ­րա­յա­տուկ դի­մա­գի­ծը, ապ­րե­լու, պայ­քա­րե­լու ու ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հա­ւատքն ու կամ­քը»:

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս սուրբ միւ­ռո­նը նկա­տեց «­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան ա­մուր շա­ղա­խը»` հաս­տա­տե­լով, որ «այս խոր գի­տակ­ցու­թեամբ է, որ կա­թո­ղի­կո­սա­կան եր­կու ա­թոռ­նե­րու միւ­ռոն­նե­րը օրհ­նու­թեան ժա­մա­նակ ի­րա­րու կը խառ­նո­ւին` դառ­նա­լով նոյն եւ մէկ ե­կե­ղեց­ւոյ նոյն միւ­ռո­նը»: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ շեշ­տեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցող ներ­կայ միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն մը ու­նի.- «Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նին օրհ­նու­թիւ­նը հրա­ւէր մըն է մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն` ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը խո­րաց­նե­լու, սէ­րը ամ­րապն­դե­լու ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան կամ­քը պրկե­լու: Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նին օրհ­նու­թիւ­նը կոչ մըն է մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը միւ­ռո­նի հո­գե­ւոր զօ­րու­թեամբ թրծե­լու»:

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը փա­կեց՝ խնդրե­լով Աս­տուծ­մէ, որ սուրբ միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը դառ­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար հո­գե­ւոր վե­րածնն­դեան ու ազ­գա­յին զար­թօն­քի աղ­բիւր:

ե­տա­կան իր պատ­գա­մով նախ ող­ջու­նեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ե­րու­սա­ղէ­մի ու Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան Ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն ե­կած հո­գե­ւոր պե­տե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու միջ¬ե­կե­ղե­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէն ե­կած ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը: