Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յու­լիս 12ին ­Պու­խա­րես­թի ­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին տան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած է «­Հո­ղը կը խօ­սի» անգ­լե­րէն ժո­ղո­վա­ծուն, ուր ամ­փո­փո­ւած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած հայ գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Հ.Հ. Ա.Գ.Ն. մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թե­նէն:

­Գիր­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած են կազ­մող եւ հրա­տա­րա­կիչ ­Տիգ­րան ­Գա­փո­յեան, բա­նաս­տեղծ­ներ ­Լե­ւոն Բլ­բու­լեան եւ ­Հեր­մի­նէ ­Նա­ւա­սար­դեան: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած են ­Ռու­մա­նիոյ մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Համ­լէթ ­Գաս­պա­րեան, ­Ռու­մա­նիոյ ­Հա­յոց Միու­թեան նա­խա­գահ, ­Ռու­մա­նիոյ գրող­նե­րու միու­թեան փոխ-նա­խա­գահ ­Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան, ­Ռու­մա­նիոյ ­Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նորդ, ­­Տա­թեւ Ե­պիս­կո­պոս ­Յա­կո­բեան: ­Ձեռ­նար­կին յա­ջոր­դած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են հայ դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թիւ­նը ռու­մա­նա­ցի ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լու հար­ցեր, ո­րոնց շուրջ ձեռք բե­րո­ւած է նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան, ­Ռու­մա­նիոյ ­Հա­յոց միու­թեան եւ ­Ռու­մա­նիոյ մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան մի­ջեւ:

­Հայ գրող­նե­րու խում­բը ­Յու­լիս 8-15 մաս­նակ­ցած է ­Ռու­մա­նիոյ Ար­ճեշ նա­հան­գին մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող «­Կուր­տիա տէ Ար­ճե­շի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան գի­շեր­ներ» մի­ջազ­գա­յին գրա­կան փա­ռա­տօ­նին, որ իր 19րդ ­թո­ղարկ­ման շուրջ հա­մախմ­բած է Ա­մե­րի­կա­յի, Ա­սիոյ, Աւստ­րա­լիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի տաս­նեակ բա­նաս­տեղծ­ներ, ար­ձա­կա­գիր­ներ, ե­րա­ժիշտ­ներ, նկա­րիչ­ներ եւ գիտ­նա­կան­ներ: ­Հա­յաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան հրա­տա­րա­կու­թեամբ այս տա­րի լոյս տե­սած ժո­ղո­վա­ծո­ւին մէջ տեղ գտած են ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի, ­Սիա­ման­թո­յի, ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի, Գ­րի­գոր ­Զոհ­րա­պի եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած ա­րեւմ­տա­հայ այլ գրող­նե­րու գոր­ծե­րու թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը: