Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Յու­լիս 14ին վիեթ­նա­մա­կան «ANTG» հե­ռա­տե­սի­լի ա­լի­քով կը մեկ­նար­կէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին շա­բա­թը` նո­ւի­րո­ւած Հա­յաս­տա­նի եւ Վիեթ­նա­մի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 23ա­մեա­կին: Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` մշա­կու­թա­յին շա­բա­թի ծի­րէն ներս «ANTG»ով պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի Վիեթ­նա­մի մէջ Հ.Հ. դես­պան Ռա­յի­սա Վար­դա­նեա­նի ե­լոյ­թը, հայ-վիեթ­նա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ ան­ցեալ 23 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ար­ձա­նագրուած ձեռք­բե­րում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Մ­շա­կու­թա­յին շա­բա­թի ե­րաժշ­տա­կան հա­տո­ւա­ծին մէջ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին Շարլ Ազ­նա­ւու­րի, «ԳՈՀԱՐ» Սիմ­ֆո­նիկ Նո­ւա­գա­խում­բի, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Ֆիլ­հար­մո­նիկ Նո­ւա­գա­խում­բի եւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Նուա­գա­խում­բի հա­մերգ­նե­րը: Ա­ռան­ձին հա­ղոր­դու­մով պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի եւ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Շա­բա­թի ա­ւար­տին պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին «­Հայաս­տան` Նո­յի եր­կիր» եւ «Հ­ռո­մէն ա­ւե­լի հին մայ­րա­քա­ղա­քը» փաս­տա­վաւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կարի ժա­պա­ւէն­նե­րը, ինչպէս նաեւ «Ար­տոյտ­նե­րու ա­գա­րա­կը»: