Յուլիս 14ին Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցող սփիւռքահայ 62 ուսուցիչներու հետ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպման սկիզբը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոնի տնօրէն Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց 14 երկիրներու հայկական կրթական հաստատութիւնները ներկայացնող ուսուցիչներուն` յոյս յայտնելով, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ անոնք նոր լիցքերով կը շարունակեն ուսուցիչի վեհ առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ հայագիտական առարկաներ դասաւանդող սփիւռքահայ ուսուցիչներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:
Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացները կը շարունակուին եւ աւելի մեծ թիւով ուսուցիչներ կը մասնակցին ատոնց:
Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց նաեւ, որ առաջին տարիներուն վերապատրաստման դասընթացները կը կազմակերպուէին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Հ.Հ. Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար: