14 Յուլիս 2015ը միջազգային դիւանագիտութեան պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ չափազանց կարեւոր ձեռքբերումի օր: Արդարեւ, Իրանն ու Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ «պատմա կան» համաձայնութիւն մը գոյացուցին։
Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան տնօրէն Եուքիա Ամանօ եւ Իրանի բանագնացներու խումբի ղեկավար, փոխ-նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի, 14 Յուլիսին, Վիեննայի մէջ ստորագրեցին «Ճամբու քարտէզ»ը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, այս առիթով, յայտնած է, որ գործարքը կը հիմնուի ո՛չ թէ վստահութեան, այլ ստուգումներու վրայ: Ըստ անոր՝ եթէ Իրան կատարէ պահանջները, այն ատեն պատժամիջոցները չեղեալ պիտի յայտարարուին: Օպամա նաեւ հաստատած է, որ Իրանի կողմէ գործարքը խախտելու որեւէ փորձ անմիջապէս պիտի յանգեցնէ պատժամիջոցներու վերականգնման: «Ես համոզուած եմ, որ այս գործարքը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ մեր դաշնակիցներու ազգային անվտանգութեան շահերէն, ուստի՝ ես վեթոյի պիտի ենթարկեմ գործարքի իրականացումը խոչընդոտող որեւէ օրինագիծ»,- յայտնած է Օպամա: Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնագիրին վերաբերեալ, յատուկ ուղերձով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի պետական կայանէն։
«Երջանիկ եմ, որ, Իրանի եւ Վեցեակի 23 ամիս տեւած բանակցութենէն ետք, կարելի եղաւ թեւակոխել նոր ժամանակաշըրջան»,- յայտնած է Ռոհանի:
Այսպիսով՝ 18 օր տեւած բանակցային մարաթոնը աւարտեցաւ: Քննարկումները կայացած են «Իրան-5 գումարած 1» ձեւաչափով: Հինգ երկիրները Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամներն են, անոնց վրայ աւելցած է Գերմանիան։ Ըստ համաձայնութեան՝ Մ.Ա.Կ.ի տեսուչները իրաւունք պիտի ունենան Իրանի ռազմական եւ գիտական կեդրոններ տեսչական այցելութիւններ կատարելու: Այնուամենայնիւ, իրանական կողմը պարտաւոր չէ անմիջապէս թոյլատրելու այցելութիւնները եւ կրնայ յաւելեալ պարզաբանումներ պահանջել: Նման պարագաներու հարցը պէտք է քննարկէ Վեցեակէն եւ Իրանի փորձագէտներէ կազմուած միացեալ յանձնաժողովը: Գործարքի քննադատները այդ հանգամանքը կը նկատեն համաձայնութեան թոյլ կէտը: Բայց զայն կը հաւասարակշռէ կարեւոր միւս դրոյթը՝ Իրանի միջ-մայրցամաքային հրթիռներու ստեղծման ծրագիրը զսպող պատժամիջոցները 8 տարի պիտի մնան ուժի մէջ, իսկ Իրանի նկատմամբ Մ.Ա.Կ.ի սահմանած զէնքի մատակարարման արգելքը ուժի մէջ պիտի մնայ 5 տարի:
Իրանը մինչեւ վերջին վայրկեան պահանջած է անմիջապէս վերցնել զէնքի մատակարարման արգելքը, բան մը, որուն թեր էր Ռուսիան, բայց դէմ էին Ամերիկան եւ Վեցեակի մնացեալ երկիրները: Վիճայարոյց այլ կէտի մը շուրջ եւս համաձայնութիւն գոյացած է. Իրան ընդունած է, որ ստանձնած պարտաւորութիւններէն որեւէ մէկը չկատարելու պարագային՝ Մ.Ա.Կ. 65 օրերու ընթացքին պիտի վերահաստատէ չեղեալ յայտարարած պատժամիջոցները:
Իրանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Իրանի դրացիներուն, այդ շարքին՝ Հայաստանի։