Յուլիս 9ին Պուենթէ Խենիլի (Քորտոպա) մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ սպանացի ժողովուրդներու բարեկամութեան նուիրուած Խաչքարի բացման արարողութիւն` դեսպան Աւետ Ադոնցի, Պուենթէ Խենիլի քաղաքապետ Էսթեփան Մթրալես Սանչեսի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ Հայրապետական Պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Հայր Սասունի եւ հայ համայնքի մասնակցութեամբ: Խաչքարը տեղադրուած է Պուենթէ Խենիլի կեդրոնական «Parque de los Pinos» զբօսայգիին մէջ,- կը տեղեկացնէ Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Դեսպան Ադոնց իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է հայ-սպանական յարաբերութիւններու պատմութեան ներկային, կարեւոր համարած է Խաչքարի տեղադրումը յատկապէս այս տարի` Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին եւ մտայղացման հեղինակներուն` կատարուած աշխատանքին համար: