Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շա­բաթ՝ 11 Յու­լիս 2015ի ե­րե­կո­յեան, Պիք­ֆա­յա­յի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի վե­հա­րա­նին մէջ, հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցած է Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ա­սո­րի­նե­րու պատ­րիարք Իգ­նա­տիոս Աֆ­րամ Բ.ի մի­ջեւ: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին, հան­դիպ­ման ներ­կայ ե­ղած են միա­բան հայ­րեր, իսկ պատ­րիար­քին ըն­կե­րա­ցած են ա­սո­րի հո­գե­ւոր հայ­րեր՝ Պէյ­րու­թէն եւ Դա­մաս­կո­սէն: Եղ­բայ­րա­ կան սի­րա­լիր մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւած է հայ եւ ա­սո­րի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեան նոր թափ տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ Ս­փիւռ­քի այլ գա­ղութ­նե­րէն ներս: Աֆ­րամ Բ. Պատ­րիարք իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նած է Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, ա­սո­րի ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած բաց­ման հան­դի­սու­թեան իր ներ­կա­յու­թեան ու պատ­գա­մին հա­մար: