Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Կիրակի՝ 12 Յուլիս 2015ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան տասներեք աբեղաներ` Արտակ Աբղ. Արապեան, Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հրանդ Աբղ. Թահանեան, Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան, Յովհաննէս Աբղ. Սաղտճեան, Տաճատ Աբղ. Աշըգեան, Նշան Աբղ. Լախոյեան, Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան, Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեան, Սմբատ Աբղ. Սապունճեան եւ Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան, ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները:
Պատարագի ընթացքին` Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազանը` Ատըրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճարի ատեանը: Ձեռնադրիչ Սրբազանը նախ խարտաւիլակին` Մայր Տաճարի լուսարարապետ Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը: Անոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողներն ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա՝ ձեռնադրիչ Սրբազանը շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական Գաւազանը: Քարոզի ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն եւ կարեւորութեան հայ եկեղեցիին մէջ: Ապա՝ խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն, ըսաւ.- «Այս ձեռնադրութեան հիմնական դրդապատճառը եւ գլխաւոր նպատակը Աստուծոյ խօսքին աներկիւղ քարոզութիւնն է, որ այսօրուան Աստուծոյ մարդէն` հոգեւորականէն - պահանջուելու պէս - կ’ակնկալուի: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աներկիւղ քարոզիչներու ակնկալիքը ունի, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը դէպի կրօնական շփոթ եւ ծայրայեղութիւն ու միւս կողմէ դէպի մշակոյթներու միաձուլում գահավէժ ընթացող աշխարհ է, եւ այս իրարանցումին մէջ բնականաբար քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ քրիստոնէական եկեղեցին տագնապի կը մատնուին: Վերջապէս, Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին իրեն ընծայած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց միաբանութիւնը: