Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետեւանքով ­Թուր­քիոյ Ին­ճիր­լիք քա­ղա­քին մէջ հա­յե­րէն խլո­ւած գոյ­քը ետ վե­րա­դարձ­նե­լու նպա­տա­կով՝ դա­տա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած է, որ կը քննուի Ա.Մ.Ն.ի 9րդ շր­ջա­նա­յին դա­տա­րա­նին մէջ:

Այս մա­սին՝ ըստ «Արմէն-փրես»ի՝ յայտնած է  Ա.Մ.Ն.ի մէջ բնակող յայտ­նի հայ փաս­տա­բան, «­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան եւ փաս­տա­բա­նա­կան խումբ» գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար ­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան` նշե­լով, որ տուեալ գոր­ծի յա­ռա­ջըն­թա­ցը կա­խո­ւած է մէկ այլ նմա­նօ­րի­նակ դա­տա­կան գոր­ծէ, որ կը քննո­ւի Ա.Մ.Ն.ի վճռա­բեկ դա­տա­րա­նին կող­մէ:

­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող հո­ղա­յին սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ Ե­ղիա­յեան ընդգծած է, որ ներ­կա­յիս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րո­ւին թուրք ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ, որ­պէս­զի գոր­ծե­րուն առն­չու­թեամբ ձեռք բե­րո­ւի պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն հա­րիւ­րա­ւոր յա­ճա­խորդ­նե­րու հետ, ո­րոնց ըն­տա­նիք­նե­րը ժա­մա­նա­կին սե­փա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցած են ժա­մա­նա­կա­կից թրքա­կան պե­տու­թեան տա­րած­քին: «­Կի­լի­կիոյ ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­նու­նով 2010 թո­ւա­կա­նին մեր կող­մէ ­Գեթ­թի թան­գա­րա­նի դէմ ներ­կա­յա­ցու­ցած գոր­ծը, որ կապո­ւած էր միջ­նա­դա­րեան հայ ման­րան­կա­րիչ ­Թո­րոս ­Ռոս­լի­նի կող­մէ նկա­րա­զար­դուած կա­նո­նա­կար­գո­ւած ա­ղիւ­սակ­նե­րով 8 էջ վե­րա­կանգ­նե­լու հետ, քննար­կում­նե­րու վերջ­նա­կան փու­լի մէջ է»,- տե­ղե­կա­ցու­ցած է Ե­ղիա­յեան:

­Դա­տա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած է նաեւ ­Ռու­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ այն բա­նի հա­մար, որ կո­մու­նիս­տա­կան շրջա­նին ան սե­փա­կա­նաշ­նոր­հած է ռու­մա­նա-ա­մե­րի­կեան շարժանկարի ըն­կե­րու­թիւն մը, որ ժա­մա­նա­կին պատ­կա­նած է հա­յու մը: ­Դա­տա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած է նաեւ Իս­րա­յէ­լի դէմ երկ­րին մէջ 1948 թո­ւա­կա­նի պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ հայ­կա­կան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը բռնագ­րա­ւե­լու հա­մար:

­Բա­ցի ներ­կա­յա­ցո­ւած դա­տա­կան գոր­ծե­րէն, փաս­տա­բա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կած է 7 գիրք ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յով, ինչ­պէս նաեւ կը նա­խա­տե­սո­ւի հրա­տա­րա­կել եւս մէկ հատ, որ կը վե­րա­բե­րի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­կա­կան սե­փա­կա­նու­թեան եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ յա­րու­ցուած ա­պա­հո­վագ­րա­կան գոր­ծե­րու պատ­մու­թեան: «­Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան եւ փաս­տա­բա­նա­կան խումբ» գրա­սե­նեա­կը նա­խա­պէս կրցած էր հա­տու­ցում ստա­նալ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ժա­ռանգ­նե­րուն հա­մար եր­կու ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թե­նէ:

­Նաեւ՝ ըն­կե­րու­թիւ­նը 20 մի­լիոն տո­լար ­հա­տու­ցում ստա­ցած էր 2004 թո­ւա­կա­նին New York Life-էն, ա­պա՝ 2005 թո­ւա­կա­նին նոյն­քան ­հա­տու­ցում ֆրան­սա­կան «Աք­սա» ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թե­նէն: