2016 թուականին Անի կրնայ դրուիլ UNESCOի մշակութային ժառանգութեան մշտական ցանկին վրայ: Քաղաքը 2012 թուականէն ընդգրկուած է UNESCOի ժամանակաւոր ցուցակին մէջ միայն: Ըստ ermenihaber.amի՝ թրքական «Turktime» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ UNESCOի մշտական ցանկին մէջ ընդգրկուած են Թուրքիոյ պատմամշակութեան ժառանգութեան 15 կոթող:
Դասախօս Եըլդըզ Սալման, որ կը մասնակցի Թուրքիոյ կողմէ UNESCO յայտերու պատրաստման, ընդգծած է, որ UNESCO համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նոր կարգեր աւելցուցած է, որոնցմէ մէկը մշակութային երթուղիներն են:
«Բազմամշակոյթ Արեւելքի մէջ կարելի է առաւել տարածուած մշակութային ժառանգութեան համար նախագիծեր պատրաստել: Ինչպէս օրինակ` հայկական մշակութային երթուղին, որ կարելի է ձեւաւորել Կարսէն մինչեւ Վան, Գոնիա` ներառելով բոլոր գիւղերն ու եկեղեցիները եւ այդպէս ներկայացնել UNESCO»,- ըսած է Սալման` տեղեկացնելով, որ մէկ այլ տարբերակ ալ հնարաւոր է, եթէ Հայաստան, Թուրքիա եւ Վրաստան համատեղ յուշարձաններու մասով մէկ երթուղի ներկայացնեն` իւրաքանչիւրը իր տարածքին մէջ երաշխաւորելով անոր պահպանութիւնը:
Սալման խօսած է նաեւ Պոլսոյ Թուզլայի հայկական մանկատան պատկանող «Արմէն» Ճամբարի մասին: «Ըստ իս` «Քամփ Արմէն»ը պէտք է ընդգրկել ոչ-նիւթական մշակութային արժէքներու մէջ: Խօսքը միայն տարածքի մասին չէ: Սակայն շէնքը նոյնպէս պէտք է պահպանել: Այդ շէնքը երեխաներու ձեռքով կառուցուած է: Ճարտարապետական հանճարի արդիւնք չէ, սակայն, ըստ իս, այդ իսկ պատճառով՝ անոր կառուցման ընթացքը իր տեսակին մէջ եզակի է, զայն պէտք է պահպանել»,- եզրափակած է Սալման: