Մահացած է եգիպտացի դերասան Օմար Շարիֆ, կը յայտնէ «Արապիա»ն: Դերասանը մահացած է 83 տարեկանին: Օմար Շարիֆ հռչակ ձեռք բերած է «Լորանս Արաբիացին» ժապաւէնին մէջ կատարած իր դերով, որուն համար 1962ին առաջադրուած էր «Օսքար» անուանակարգին եւ «Ոսկիէ Կլոպուս» մրցանակին: Հայոց Ցեղասպա նութեան մասին պատմող Հանրի Վերնէոյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ նկարահանուելուն համար (1991ին), Օմար Շարիֆին արգիլած էին մուտք գործել Թուրքիա: