Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ե­րեք օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Քաս­լի­քի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, նո­ւի­րո­ւած յատ­կա­պէս Ա­սո­րի­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Ա­ւե­լի քան հա­րիւր հո­գի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցող հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ եւ Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ Պատ­րիար­քու­թեանց կող­մէ։

Հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան վեց հո­գե­ւոր պե­տեր եւ զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հո­գե­ւոր պե­տե­րու շար­քին խօսք ա­ռաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր խօս­քը ամ­փո­փեց հե­տե­ւեալ հինգ կէ­տե­րուն մէջ.-

ա.) Ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1915ին, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս հա­յե­րուն, ա­սո­րի­նե­րուն, յոյ­նե­րուն եւ այլ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն դէմ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր, բա­ռին ի­րա­ւա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր իր մե­թո­տով ու նպա­տա­կով, ե­թէ նոյ­նիսկ այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը տա­կա­ւին մաս չէր կազ­մեր մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի բա­ռա­րա­նին։ Պատ­մու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն ցոյց կու տայ, թէ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ծրագ­րո­ւա­ծը, կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծը ու գոր­ծադ­րո­ւա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն էր։

բ.) Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին հա­մա­ձայն, երբ նոյն երկ­րին մէջ եւ նոյն ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կը յա­ջոր­դէ նա­խորդ կա­ռա­վա­րու­թեան, թէ­կուզ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան տար­բեր օ­րա­կար­գով ու նպա­տա­կով, ան յա­ջոր­դը կը նկա­տո­ւի նախ­կին կա­ռա­վա­րու­թեան։ Ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան այս յստակ սկզբուն­քէն մեկ­նե­լով, ներ­կայ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յա­ջոր­դը կը նկա­տո­ւի Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան եւ, հե­տե­ւա­բար, ան կը ժա­ռան­գէ 1915ի կա­ռա­վա­րու­թեան ի­րա­ւունք­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ ներ­կայ Թուր­քիան պար­տա­ւո­րու­թիւն մը ու­նի 1915ին կազ­մա­կեր­պո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ։

գ.) Դար­ձեալ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին հա­մա­ձայն, ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ո­ճիր է մարդ­կու­թեան դէմ։ Հե­տե­ւա­բար, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու ցե­ղաս­պա­նը պէտք է մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տու­մի են­թա­կայ դառ­նան։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մը կը նշա­նա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում, եւ ճա­նա­չու­մը կ’են­թադ­րէ հա­տու­ցում։

դ.) Թէ՛ հա­յե­րը եւ թէ՛ ա­սո­րի­նե­րը աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն նշել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը։ Մենք մեր նա­հա­տակ­նե­րը յի­շե­ցինք ու ա­նոնց կտա­կին նկատ­մամբ մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­ցինք։ Սա­կայն, պէտք չէ մոռ­նանք, որ մենք պա­հան­ջա­տէր ենք։ Պէտք չէ մոռ­նանք, որ Թուր­քիոյ մէջ հա­զա­րա­ւոր հայ, ա­սո­րի, յոյն վան­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ ու ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­ներ կը գտնո­ւին. ո­մանք քան­դո­ւած են, ու­րիշ­ներ բռնագ­րա­ւո­ւած պե­տու­թեան կող­մէ։ Մենք կը պա­հան­ջենք ա­նոնց վե­րա­դար­ձը ի­րենց ի­րա­ւա­տէ­րե­րուն։

ե.) Մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան է եւ ո՛չ կրօ­նա­կան։ Դա­րեր շա­րու­նակ քրիս­տո­նեա­ներ ու իս­լամ­ներ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս ու­նե­ցած են խա­ղաղ ու ներ­դաշ­նակ գո­յակ­ցու­թիւն։ Նո՛յն մօ­տե­ցու­մով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր գո­յակ­ցու­թիւ­նը։ Այ­սօր, ինչ որ տե­ղի կու­նե­նայ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րուն ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, այ­լա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պէտք է դա­տա­պար­տո­ւի բո­լոր կրօն­նե­րու ու ազ­գե­րու կող­մէ, որ­պէս­զի չկրկնո­ւի։