Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սփիւռքի ամենահին ու աւանդոյթներով հարուստ այս գաղթօճախը միշտ առանձնացած է իր համախմբուածութեամբ ու հաւաքական ուժով: Անիկա այս անգամ ալ չէ խախտած աւանդոյթը եւ այս անգամ ալ համախմբուած է միասնականութեան գաղափարին շուրջ: Համահայկական ամառնային վեցերորդ Խաղերու սփիւռքեան ջահը՝ շրջելով Միջին Արեւելքը, հասած է Գահիրէ: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am։
Միջին Արեւելքի հնագոյն մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ ջահը դիմաւորած են Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Բագրատ Պուռնազեան, գործկոմի  անդամներ Պերճ Հալաճեան, Վարդ Ալեքսանեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, տեղի աւանդական կուսակցութիւններու եւ հասարակական ու բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Ս. Պատարագ, նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը փոխանցուած է եգիպտահայերուն:
Դեսպան Արմէն Մելքոնեան Համահայկական Խաղերը համարած է համայն հայութեան միասնականութեան խորհրդանիշը, որ մէկ անգամ եւս աշխարհին ցոյց կը տրուի այս առիթով: «Համահայկական Խաղերն ուղերձ են յատկապէս Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումների շրջանակում ներկայանալու որպէս պահանջատէր, ցոյց տալու հայի յաղթող տեսակը»,- ըսած է Արմէն Մելքոնեան:
Սփիւռքը խորհրդանշող ջահը, անցնելով Նեղոսը, հասած է յաւերժութեան հետ մրցակցութեան մէջ մտած եգիպտական բուրգեր‘ այնուհետեւ իր հետ Հայաստան տանելու համար յաւերժի գաղափարը: