Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Սա­սու­նի, Պիթ­լի­սի, Մու­շի, Վա­նի եւ Պոլ­սոյ Հա­յե­րու Ըն­կե­րա­յին Օգ­նու­թեան, Հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան ղե­կա­վար Ա­զիզ Տաղ­ճը կրկին ա­հա­զան­գած է, որ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ քիչ թէ շատ պահ­պանուած հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րը կը քան­դո­ւին գանձ ո­րո­նող­նե­րու գոր­ծո­ղու­թեանց հե­տե­ւան­քով։ Թր­քա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան մը հա­մա­ձայն՝ Տաղ­ճը նշած է, որ գանձ ո­րո­նող­նե­րուն պատ­ճա­ռով հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներն ու գե­րեզ­ման­նե­րը վե­րա­ծուած են խլուր­դի բոյ­նե­րու՝ ա­ւելցնե­լով, որ Էֆ­րիմ Պաղ ա­նու­նով գան­ձա­խոյ­զի մը դէմ այս առն­չու­թեամբ դատ բացո­ւած է դա­տա­խա­զու­թեան մօտ:

Տաղ­ճը մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.- «­Հա­մա­ձայն իմ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուս՝ Էֆ­րիմ Պաղ ա­նու­նով մէ­կը այս շրջա­նին մէջ գանձ ո­րո­նե­լու աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րէ: Չեմ գի­տեր այդ գոր­ծը ը­նե­լու հա­մար ար­տօ­նու­թիւն ու­նի՞, թէ՞ ոչ: Գան­ձա­խոյզ­նե­րուն պատ­ճա­ռով մեր հայ­կա­կան գե­րեզ­ման­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը խլուր­դի բոյ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած են: Այս պա­հուն մտա­վա­խու­թիւն ու­նիմ, որ Էֆ­րիմ Պա­ղի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով կրնայ վնա­սո­ւիլ Սա­սու­նի Գոմք ե­կե­ղե­ցին: Այդ պատ­ճա­ռով ալ դա­տա­խա­զու­թիւն հայց ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ: Ես չեմ պնդեր, որ Էֆ­րիմ Պաղ այդ գոր­ծը կ­՛ը­նէ, սա­կայն բազ­մա­թիւ տե­ղե­րէ լու­րեր կը հաս­նին այն մա­սին, որ ան ոս­կի կը փնտռէ: Մօտ մէկ շա­բաթ ա­ռաջ ալ լսե­ցի, որ Սա­սուն գա­ւա­ռի Սա­րը­յա­յա շրջա­նին մէջ ոս­կի կը փնտռէ, ու ան­մի­ջա­պէս դի­մե­ցի դա­տա­խա­զու­թիւն»: Տաղ­ճը տե­ղե­կա­ցու­ցած է նաեւ, որ վե­րո­յի­շեալ Էֆ­րիմ Պաղ ազ­գու­թեամբ յոյն է, սա­կայն որ­պէս հայ կը ներ­կա­յա­նայ ու զբօ­սաշր­ջի­կի կար­գա­վի­ճա­կով կը գնէ այդ տա­րածք­նե­րը՝ գանձ ո­րո­նե­լու աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար: