Յուլիս 4ին Ալֆորվիլ քաղաքը ժողովրդային բացառիկ շարժում մը ապրեցաւ, անբացատրելի տօնական օր մը։ Ամէն կողմէ մարդկային հոսք կար դէպի Կոմիտաս փողոց։ Այս բոլորը ոստիկանական ապահովու թեան խիստ միջոցներու ներքոյ։ Արդէն ամիսներ առաջ յայտարարուած էր Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետներու ներկայութիւնը «Գէորգ Արապեան» դպրոցի բացման արարողութեան։ Ամէն անկիւն ոստիկանական ներկայութիւն եւ ստուգում կար։ Արապեան դպրոցի բացումը տեղի պիտի ունենար ժամը 11ին։ Ժողովուրդը՝ Ալֆորվիլէն, Փարիզէն ու շրջաններէն, կազմակերպիչ մարմնի դիմումին ընդառաջելով, նախօրօք ստացած էր հրաւիրատոմսեր ներկայ գտնուելու համար բացման արարողութեան։ Երաժիշտներ, պարողներ, հսկիչներ, աշակերտներ, սկաուտական փողերախումբ, լրագրողներ եւ քոքթէյլ հիւրասիրողներ, բազմանդամ մէկ մարմնի նման կը նախապատրաստուէին բացման արարողութեան։
Ներկայ էին ֆրանսական քաղաքական դասի ներկայացուցիչները՝ երեսփոխաններ Ռուքէ, Շվարզէնպէրկ, Ալֆորվիլի եւ Գլամարի քաղաքապետեր Գարվունաս եւ Քալթէնպախ, խորհրդարանի նախագահ Պարթոլոն, Վալ-տը-Մառնի նահանգապետ եւ շրջանի կրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Ֆլօրանս Ռուպի, իսկ հայկական կողմէ՝ կառավարութեան անդամներ Գիւղատնտեսութեան, Կրթութեան, Սփիւռքի նախարարներ, Հայաստանի դեսպան եւ անշուշտ երկու երկիրներու վարչապետները՝ Վալս եւ Աբրահամեան։
Եկեղեցական դասէն ներկայ էին Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, Նորվան Արք. Զաքարեան, Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեան, Ռումանիոյ Առաջնորդ Տաթեւ Եպս. Յակոբեան եւ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներ։ Հոն էին նաեւ ֆրանսահայ գաղութի ներկայացուցիչներ եւ զանազան ընկերակցութիւններու նախագահներ։
Բացման ժապաւէնը կտրեցին վարչապետները, ներկայութեամբ բարերար Գէորգ Արապեանի եւ հոգեւոր եւ աշխարհական դասուն, ապա տեղի ունեցան դպրոցի բակին մէջ զետեղուած խաչքարի օծումը եւ դպրոցի այցելութիւնը ճարտարապետ Միրիամ Յակոբեանի առաջնորդութեամբ։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Կարին Լեռեան, որ «Դպրոցի մատակարար մարմնին» անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործը իրականացնողներուն, հայ մանուկներուն կրթական յարմարագոյն նոր պայմաններ ստեղծելուն համար։
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Նորվան Արք. Զաքարեան, որ ամփոփ կերպով նշեց բոլոր անոնց, որոնք այս գործին բերին իրենց մասնակցութիւնը, յատկապէս շեշտեց ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու ուժը, որուն բացայայտ օրինակն է այս դպրոցին գոյութիւնը։ Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց իրագործումը։
Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Լիւք Քարվունաս իր խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցներու կարեւորութիւնը եւ Ալֆորվիլի բնակչութեան երիտասարդ ըլլալը, որուն ապացոյցն է Գէորգ Արապեան դպրոցի շինութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին երրորդ կրթական նորակառոյց հաստատութիւնը կը հանդիսանար իր վարած քաղաքին մէջ։ Շեշտելով իր յունական ծագումը, ան վերահաստատեց հայութեան կողմէ իրենց դպրոցի ու կրթութեան միջոցով հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը Ֆրանսայի հանրապետական արժէքներու ծիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան դրուատեց ֆրանքեւհայկական դարաւոր յարաբերութիւնները, յիշեցուց հայութեան մօտ կրթութեան կարեւորութիւնը, հայերէն այբուբենը, որ 1600ամեայ անցեալ ունի, իսկ տպագրութիւնը՝ արդէն 500 տարուան պատմութիւն։
Բոլորը անհամբեր կը սպասէին Ֆրանսայի վարչապետին խօսքին։ Վալս իր խօսքին մէջ կարեւոր երեք յայտարարութիւն ըրաւ։ Առաջինը՝ այն, որ պետութիւնը կը խոստանայ Արապեան դպրոցին հետ ընկերակցութեան պայմանագիր կնքել, յանձն առնելով պետական պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը, այնպէս ինչպէս արդէն պատասխանատւութիւնը ստանձնած է նախակրթարանին համար։ Երկրորդ, պատասխանելով Հայաստանի վարչապետին, հաւաստեց, թէ կ՚ընդունի Հայաստան այցելելու անոր հրաւէրը։
Երրորդ, անդրադառնալով Ֆրանսայի արժէքներուն, շեշտեց երկրին աշխարհական, ազատամիտ ու լայնախոհ դրութիւնը, ուր զանազան ազգերէ անձեր, պահպանելով սեփական ինքնութիւնը, կրնան ազատօրէն ապրիլ իրենց պատկանելիութիւնը, կրնան ֆրանսական մեծ հաւաքականութեան մաս կազմել ու իրենց մասնակցութիւնը բերել Ֆրանսայի հզօրացման ու զարգացման։ Վարչապետը եւս յիշեց իր պարսելոնական սպանական ծագումը, Գլօտ Պարթոլոնի սիկիլիական ծագումը, Գարվունասի՝ յունականը։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ դպրոցի աշակերտութեան կողմէ երկու հանրապետութիւններու փառերգներու երգեցողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբի նուագակցութեամբ։
Գլխաւոր բարերար Պրն. Արապեանին Գարվունաս յանձնեց Ալֆորվիլի պատուոյ քաղաքացիի շքանշանը, իսկ Հայաստանի վարչապետն ալ՝ Վարչապետի յատուկ շքանշանը։
Այնուհետեւ, ներկաները հրաւիրուեցան ճաշակելու եւ ըմպելու՝ նշելու համար տօնական պահը։ Առիթը պիտի ընծայուէր դպրոցաշինութեան ծրագրի գործադիր պատասխանատու Րաֆֆի Յակոբեանին եւ մեկենաս Գէորգ Արապեանին՝ իրենց սրտի խօսքը ըսելու հանրութեան։ Ժամը 12։30էն սկսեալ դպրոցին դռները բացուեցան նաեւ հանրութեան, այցելելու համար շէնքը։
Դպրոցին ինքնաբուխ կերպով գեղարուեստական քանդակներ նուիրած են Էմմա Աբրահամեան՝ «Առաջին Քայլ», Թորոս՝ «Սայեաթ Նովա», Տիգրան Գալուստեան՝ «Գէորգ Արապեան» (կիսանդրի), Արապեան ընտանիքի տարագրութեան քարտէսը եւ վերջապէս, հայկական խաչքար, գործ՝ Գիւմրիէն Անդրանիկ Ղափլանեանի։
Արապեան դպրոցի շինութիւնը արժած է 4,5 միլիոն եւրօ, որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատւութիւններէ։ Պարոն Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2,5 միլիոնէ աւելին։ Իսկ քանդակագործ Էմմա Աբրահամեան իր բնակարանը կտակած էր դպրոցին, որ այս օրերուս վաճառքի ընթացքի մէջ է։
Այսօրուան կացութեամբ ծախսերուն 7,5 տոկոսը դեռ կը մնայ առկախ, այսինքն՝ 350.000 եւրօ։