Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին զար­գա­ցում­նե­րուն քննարկ­ման ծի­րին մէջ Չո­րեք­շաբ­թի՝ 1 Յու­լիս 2015ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00ին, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քի «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ,

տե­ղի ու­նե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կին կազ­մա­կեր­պած մամ­լոյ ա­սու­լի­սը` ներ­կա­յու­թեամբ հայ­կա­կան եւ լի­բա­նա­նեան մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու լրագ­րող­նե­րու: Տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան բա­ցո­ւած յայ­տա­րա­րեց ա­սու­լի­սը` ներ­կա­յաց­նե­լով զե­կու­ցա­բեր բա­նա­խօս­նե­րը.- Կա­լո­ւա­ծա­յին հար­ցե­րու փաս­տա­բան փրոֆ. Ճեմ Սո­ֆո­ւօղ­լու, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ փրոֆ. Թա­ներ Աք­չամ, Լի­բա­նա­նեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տա­րեան: Ն­շենք, թէ նա­խա­տե­սո­ւած էր նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մօտ փաս­տա­բան դոկտ. Փա­յամ Ա­խա­ւա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, սա­կայն օ­դա­նա­ւա­յին թռիչ­քի ու­շաց­ման պատ­ճա­ռով չկրցաւ մաս­նակ­ցիլ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին: Ա­րա­բե­րէ­նով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան, պատ­մա­կան յե­տա­դարձ ակ­նար­կով, անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած տա­ռա­պան­քին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ, յատ­կա­պէս 1894-1923 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին: Ան ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քե­րով շեշ­տեց հիւ­րըն­կալ Լի­բա­նա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դի ու զար­թօն­քի հայ­րե­նի­քը` նշե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռանց­քա­յին դե­րը:

«­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դա­տա­կան հայց ներ­կա­յա­ցուց թրքա­կան Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին մօտ»,- յայտ­նեց Հայր Սուր­բը եւ ա­ւել­ցուց.- «Այ­սօր դա­տա­կան հայ­ցի ներ­կա­յա­ցու­մէն եր­կու ա­միս­ներ ետք, մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ թրքա­կան Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նը սկսած է սեր­տել դա­տա­կան այս հայ­ցի թղթած­րա­րը»:

Ա­պա՝ դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տա­րեան ա­րա­բե­րէ­նով թո­ւեց Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին գծով դա­տա­կան հայ­ցի յա­րուց­ման զու­գա­հեռ ու զայն կան­խած առն­չա­կից քայ­լե­րը (ինչ­պէս` «­Ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում» մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­մը Փետ­րուար 2012ին, ա­պա թուրք ի­րա­ւա­գէտ­նե­րէ եւ մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ-փոր­ձա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձ­նա­խում­բի կազ­մու­թիւ­նը…): Դոկտ. Պայ­րագ­տա­րեան շեշ­տեց Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան խորհր­դան­շա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար: Ան յի­շե­ցուց, թէ անց­նող 27 Ապ­րիլ 2015ին ներ­կա­յա­ցո­ւած դա­տա­կան այս հայ­ցին գծով՝ թրքա­կան Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նը պէտք է ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ին­նի­սուն օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կէ այս հայ­ցի քննարկ­ման: Այ­լա­պէս` հար­ցը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին:

Ա­պա՝ փրոֆ. Ճեմ Սո­ֆո­ւօղ­լու անգ­լե­րէ­նով պար­զեց Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ներ­կա­յաց­ման առն­չա­կից պայ­ման­նե­րը, դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ան ընդգ­ծեց, թէ դա­տա­կան այս հայ­ցի յա­րու­ցու­մը ան­նա­խըն­թաց քայլ մըն է թրքա­կան կա­լո­ւա­ծա­յին ու դա­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ: Փ­րոֆ. Սո­ֆո­ւօղ­լու շեշ­տեց, որ հայ­ցը ներ­կա­յա­ցո­ւած է զուտ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դի­տան­կիւ­նէն` հե­ռու քա­ղա­քա­կան թէ այլ նկա­տա­ռում­նե­րէ: Ան նշեց, թէ 1983ին եւ 2001ին հրա­պա­րա­կո­ւած հրա­մա­նա­գիր­նե­րով, թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ­՛ար­գի­լէ կա­լո­ւա­ծա­յին ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն կամ փաս­տա­թուղթ ար­ձա­նագ­րել, ինչ­պէս նաեւ ար­գի­լո­ւած է առն­չա­կից ար­խիւ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը: Ըստ ա­նոր, 1963ի օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թեանց հա­մա­ձայն՝ ար­գի­լո­ւած է կա­լո­ւա­ծա­յին ո­րե­ւէ սե­փա­կա­նու­թիւն վե­րա­դարձ­նել իր սե­փա­կա­նա­տի­րոջ (յատ­կա­պէս հա­յե­րու պա­րա­գա­յին): Փ­րոֆ. Սո­ֆո­ւօղ­լու խիստ հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րէն Նո­յեմ­բե­րի մի­ջեւ թրքա­կան դա­տա­րա­նը հրա­պա­րա­կէ իր ո­րո­շու­մը: Փ­րոֆ. Սո­ֆո­ւօղ­լու նշեց, որ դա­տին հե­տապնդ­ման հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծին վե­րա­դարձն է եւ ոչ թէ ա­նոր փո­խա­րէն նիւ­թա­կան հա­տու­ցու­մը:

Իր կար­գին, դոկտ. Թա­ներ Աք­չամ խօսք ա­ռաւ եւ յայտ­նեց, թէ այս գծով ա­ւե­լի քան հա­զար փաս­տա­թուղ­թեր կան Օս­մա­նեան Ար­խիւ­նե­րուն մէջ: Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց, թէ օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ­՛ըն­ծա­յէին Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վար­կին` զայն նկա­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր կրօ­նա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն մը, բո­լո­րո­վին ան­կախ Պոլ­սոյ թէ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն: Ան մէջ­բե­րեց, օ­րի­նակ, Թա­լէա­թի եւ Ճե­մալ փա­շա­յի մի­ջեւ փո­խա­նա­կո­ւած մէկ նա­մա­կը, ուր կը շեշ­տո­ւի, թէ գրե­թէ ան­կա­րե­լի է հիմ­նո­վին ջնջել Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը` նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր ճա­կա­տագ­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­յու­թեան հա­մար:

Ա­պա՝ զե­կու­ցա­բեր բա­նա­խօս­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռա­ւե­լա­բար կեդ­րո­նա­ցան հայ ան­հատ­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեանց վե­րա­տի­րաց­ման գծով հիմ­նա­կան նա­խա­քայ­լե­րու եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու վրայ: Այս գծով «Ազ­դակ»ի այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք կա­րե­լի՞ է ժո­ղովր­դա­յին քա­րոզ­չա­կան ճի­գե­րով թրքա­կան հա­յա­մէտ հան­րա­յին կար­ծի­քը մղել (քա­րոզ­չա­կան) ճնշում բա­նեց­նե­լու թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց վրայ` նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սի­սի (այժմ` Քո­զան կո­չո­ւող) քա­ղա­քա­պե­տը կտրուկ կեր­պով մեր­ժած է ըն­դա­ռա­ջել այս հար­ցին` փրոֆ. Սո­ֆո­ւօղ­լու քա­րոզ­չա­կան ճի­գե­րը կա­րե­լի դրա­կան քայլ նկա­տեց, թե­լադ­րե­լով միա­ժա­մա­նակ կալուա­ծա­յին նմա­նօ­րի­նակ հայ­ցե­րու «տա­րափ» մը յղել թրքա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Միւս կող­մէ՝ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան Ու­սա­նող­նե­րու Միու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ-ու­սա­նող­նե­րու եւ փրոֆ. Թա­ներ Աք­չա­մի մի­ջեւ հան­դի­պում-զրոյց: Զ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին զար­գա­ցում­նե­րուն, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին եւ հա­տուց­ման ձե­ւե­րուն ու հանգ­րո­ւան­նե­րուն: Հան­դի­պու­մին հիմ­նա­կան բա­ժի­նը յատ­կա­ցո­ւած էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցում­նե­րուն, եւ զրոյ­ցին ընդ­մէ­ջէն փրոֆ. Աք­չամ տո­ւաւ իր պա­տաս­խան­նե­րը: