Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ ա­նո­ւա­նի դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան կը շա­րու­նա­կէ իր «­Լոյս ի լու­սոյ» խո­րա­գի­րը կրող հա­մեր­գա­շա­րը` ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս գա­լով Թուր­քիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Յու­նիս 30ին, Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Կա­մե­րա­յին Նո­ւա­գա­խում­բի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, եւս մէկ հա­մերգ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Պոլ­սոյ Aya irini թան­գա­րա­նին մէջ` Պոլ­սա­կան 22րդ Ճազ-­Փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս: Թր­քա­կան «Radikal» պար­բե­րա­կա­նը` «­Հա­ւա­նա­բար ան մե­զի կա­խար­դած է» վեր­նա­գի­րի ներ­քոյ, անդ­րա­դար­ձած է Հա­մա­սեա­նի ե­լոյթ­նե­րուն ու ա­տոնց յա­ռա­ջա­ցու­ցած ո­գե­ւո­րու­թեան եւ հիաց­մուն­քին,- կը տե­ղե­կաց­նէ ermenihaber.am:

«5էն 19րդ դա­րե­րու հայ ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու իւ­րօ­րի­նակ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով՝ ան, հա­ւա­նա­բար, կա­խար­դած է մեզ՝ բո­լորս: Բա­ւա­կան դժո­ւար է փոր­ձել բա­ռե­րով նկա­րագ­րել այս ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Հա­մա­սեան հրա­շա­գործ է: Նախ կը զգաս, որ ո­գիդ կ’ընդ­լայ­նո­ւի, պա­րու­րե­լով ողջ տիե­զեր­քը՝ նոյ­նա­նա­լով ամ­բող­ջի հետ: Յե­տոյ միան­գա­մայն քե­զի կը քա­շէ-կը հա­նէ այդ վի­ճա­կէն, կը սթա­փիս, կար­ծես թէ նիր­հէն կ’արթն­նաս: Ու կը հասկ­նաս, որ ե­րաժշ­տու­թեան մէջ կը հո­սէիր»…

«Հ­րա­շա­գործ Հա­մա­սեան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը կի­րար­կէ դի­մա­ցի­նի հո­գին լո­ւա­լու հա­մար»,- կը գրէ «Radikal»ի թղթա­կից Կիւլ­տե­հան Այ­սէն:

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով Հա­մա­սեա­նի ան­ցած ե­րաժշ­տա­կան ու­ղիին եւ նշե­լով այն փաս­տը, որ իր ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշ­տը թո­ղար­կած է 18 տա­րե­կա­նին` լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ բրի­տա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր «The Guardian» պար­բե­րա­կա­նը Հա­մա­սեա­նի մա­սին ա­ռի­թով մը գրած է որ­պէս «­Ճա­զին հայ­կա­կան շունչ հա­ղոր­դած դաշ­նա­կա­հար»ը:

«­Չիք Գո­րէա­յի, Պ­րատ Մեհլ­տաո­ւի, Հեր­պի Հան­քո­քի նման վար­պետ­նե­րու հետ ե­լոյթ ու­նե­ցած Հա­մա­սեան բախտ ու­նե­ցած է ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին Հան­քո­քէն լսե­լու «­Դուն ար­դէն իմ ու­սու­ցիչն ես» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը»,- կը գրէ թրքա­կան պար­բե­րա­կա­նը: Կիւլ­տե­հան Այ­սէն նաեւ իր հիաց­մուն­քը կը յայտ­նէ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Կա­մե­րա­յին Երգ­չա­խում­բի նկատ­մամբ` ընդգը­ծե­լով, որ այդ եր­գիչ­նե­րու ձայ­նե­րը Հա­մա­սեա­նի ե­րաժշ­տու­թեան հետ ա­մե­նա­լաւ հա­մադ­րու­թիւնն են: «Ի հար­կէ, պէտք չէ նաեւ մոռ­նալ Յա­րու­թիւն Թօ­փի­կեա­նի ղե­կա­վա­րած Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Կա­մե­րա­յին Երգ­չա­խում­բի սո­լիստ­նե­րու (մե­նա­կա­տար­նե­րու) դե­րը: Երբ հնչեց այդ` բա­ռի ա­մե­նաիս­կա­կան ի­մաս­տով «բիւ­րե­ղեայ ձայ­նե­րու» սոփ­րա­նոն, սրա­հին մէջ բո­լո­րը վայր­կեան մը քա­րա­ցան»: