Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Գրադարանին մէջ յայտնաբերուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու մասին բացառիկ տեսանիւթեր, որոնք կը պատկերեն, թէ ինչպէ՞ս հայ գաղթականներն ու որբ երեխաները նաւակներով կը հեռանան Թուրքիայէն: Տեսանիւթերը բացառիկ են, քանի որ նախապէս կը համարուէր, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն փախուստի դիմած հայերը պատկերուած եղած են միայն լուսանկարներու մէջ: Այսպիսով, Քոնկրեսի Գրադարանին մէջ յայտնաբերուած տեսանիւթերը, Ցեղասպանութեան տարիներուն, հայերը պատկերող առաջին յայտնի տեսագրութիւններն են: Տեսանիւթերը հաստատուած եւ վերականգնուած են մասնագէտներու կողմէ եւ պիտի ցուցադրուին Իտալիոյ մէջ Cinema Ritrovato («Վերականգնուած Սինեմա») Պոլոնիայի 29րդ շարժանկարի փառատօնի ժամանակ, «Հայաստան` մարդասիրութեան բնօրրան» ընդհանուր վերնագիրով:Փառատօնի պատասխանատու Մերիան Լուինսքի, որուն օգնութեամբ բացայայտուած են այդ բացառիկ տեսանիւթերը, կը պատմէ, որ անոնք նկարահանուած են 1923 թուականին Թուրքիոյ տարածքին: «Ես նկատեցի, որ տեսագրութիւններուն վրայ Պոլսոյ յայտնի վայրերը պատկերուած են: Ատիկա Պոլիսն է, եւ հոն պատկերուած է մանկատունը, ուր պատերազմէն ետք բրիտանացիները հայ որբ երեխաները կը խնամէին մինչեւ Պոլիսէն զանոնք տեղափոխելը»,- կ՛ըսէ Լուինսքի: Անոր խօսքով` տեսանիւթերու բացայայտումը ուղղակի հրաշք էր: Մինչեւ Քոնկրեսի Գրադարանին մէջ յայտնուիլը, անոնք պահուած են Օրեկոնի Պատմական Ընկերութեան պահոցին մէջ: Հեղինակը դեռ անյայտ կը մնայ: «Այս տեսանիւթերու ցուցադրութիւնը մեզի համար յարգանքի տուրքի մատուցում է, մենք զանոնք կը դիտարկենք որպէս պատմական իրողութիւն: Ներկայիս բանակցութիւններ կը վարենք Պոլսոյ շարժանկարի փառատօնի կազմակերպիչներուն հետ: Անոնք արտառոց մարդիկ են, եւ հնարաւոր է` այդ տեսանիւթերը ցուցադրենք նաեւ Պոլսոյ մէջ»,- ըսած է Մերիան Լուինսքի: Թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրթ եւ լրագրող Ալեւ Էր, Փարիզի Նուպարեան Գրադարանին մէջ իրենց կատարած ուսումնասիրութեանց ժամանակ, յայտնաբերած են Ցեղասպանութեան մասին վկայող փաստաթուղթ մը` յայտնի գրող Զապէլ Եսայեանի 11էջնոց զեկոյցը, որով հեղինակը ներկայացուցած է 1915ին եւ անկէ ետք հայ կանանց եւ աղջիկներուն պատուհասած դժբախտութիւնները: Անոնց կարծիքով՝ այդ փաստաթուղթը մինչեւ այսօր հրատարակուած չէ եղած: