Ուրբաթ՝ 3 Յուլիս 2015ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Տըպպայէի Լա Մարինային մէջ, Հայկազեան համալսարանը կազմակերպեց իր տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր հանդէս-տօնակատարութիւ նը, որ կը զուգադիպէր համալսարանի հիմնադրութեան 60ամեակին։ Այս տարուան ընթացքին 227 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց բարձրագոյն ուսումը` դառնալով հայկական սփիւռքի միակ կրթական բարձրագոյն հաստատութեան 55րդ հունձքի շրջանաւարտները: Աւելի քան հազար ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան ներքեւ, շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ միասին ուղղուեցան դէպի բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքով՝ հանդէսի պաշտօնական բացումը:
Բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները շնորհաւորելէ ետք, անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի 60 տարիներու պատմութեան:
Ան հաստատեց, որ իրենք կոչուած են ամենայն հաւատարմութեամբ, բարձրորակ պատրաստութեամբ, հայակերտ ազատութեամբ եւ ժամանակակից հմտութեամբ պատրաստելու սերունդներ` ըլլալու համար սուղ գինով յարութիւն առած ժողովուրդի մը արժանաւոր զաւակները: