Աւստրալիոյ մէջ սուրիահայերուն օգնելու նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած է 50 հազար տոլար:
Դրամահաւաքը կազմակերպուած էր Յունիս 22ին:
Առաջին շաբաթուան ընթացքին հաւաքուած էր 26 հազար աւստրալական տոլար, իսկ եզրափակիչ համերգի ժամանակ այդ գումարը հասած է 40 հազարի: Հետարքրական է, որ համերգին ներկայ եղած է ընդամէնը 120 հայ հանդիսատես: Մնացած 10 հազար տոլարը աւելցուցած են հայ գործարարները: Հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի նուիրաբերուի սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս հալէպահայութեան, որ այսօր կը դիմագրաւէ կենցաղային եւ անվտանգութեան լուրջ դժուարութիւններ:
Դրամահաւաքը կազմակերպած էին Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. «Դրօ» Կոմիտէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.), Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը, Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը: