Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Մարսէյլ-Փրովանս-Հայաստան-2015» միութեան հետ համատեղ, Մարսէյլի մէջ «Հայաստանի տարի» ծրագրի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցող ծրագիրներուն մասնակցելու նպատակով, 19-22 Յունիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Մարսէյլ:
19 Յունիսին նախարարը մասնակցեցաւ Սարգիս Գրիգորեանի նկարներու «Ծիրանի ծաղիկ» խորագրով ցուցահանդէսին, որու ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է շարունակել եւ ամբողջ հայութեան ուժերը կեդրոնացնել Հայաստանի հզօրացման վրայ: Ապա նախարարը ներկայ գտնուեցաւ «Կոմիտաս» քառեակի (ղեկավար՝ Ալեն Պապուշեան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած համերգին, ուր շեշտեց հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը:
20 Յունիսին Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան երգի եւ պարի խումբերու (Ժ.Ա.Ֆ.) տարեկան համերգին: Նախարարը բարձր գնահատեց  երգի, պարի եւ հայոց լեզուի դպրոցի գործունէութիւնը՝ շնորհաւորելով զանոնք սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մենք կանք եւ պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» մրցումին յաղթած ըլլալու համար: 
Նոյն օրը նախարարը մասնակցեցաւ «Մարսէյլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան» տարեկան հաւաք-ճաշկերոյթին, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ ծրագիրներու:
21 Յունիսին նախարարը այցելեց Մարսէյլի Հայ Աւետարանական եկեղեցի: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութեան:
Մարսէյլ գտնուած միջոցին նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, հայկական կազմակերպութիւններու եւ զանոնք համակարգող մարմինին հետ:
Նախարարը մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարեկան հանդիսութեան, Հանրի Վեռնոյի որդի՝ Պատրիկ Մալաքեանի նախաձեռնութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի դրոշմաթուղթերու եւ ծրարներու շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկներու աւարտին, Հրանուշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Նունէ Եսայեանի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսով համերգին:
Սփիւռքի նախարարը, ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանի, հանդիպում ունեցաւՊուշ Տիւ Ռոնի նահանգապետ Մարթին Վասալի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան մարզի հայութեան, հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերու զարգացման հետ առնչուած հարցեր: Վասալ հպարտութեամբ նշեց իր հայկական արմատներու մասին:
Նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Քոտենի հետ, որու ընթացքին քննարկուեցան Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան մասին օրէնքի ընդունման, ինչպէս նաեւ իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերու իրավիճակի հարցերը: