Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փէսքով յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սակը չի կրնար քննարկուիլ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ:
Երեքշաբթի օր՝ Յունիս 30ին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, Փէսքով մասնաւորապէս ըսած է.- «Ելեկտրականութեան սակագինը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ անշուշտ չէր կրնար քննարկուիլ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի փոխանցմամբ, Փէսքով այսպէ՛ս պատասխանած է, երբ լրագրողները հարցուցած են, թէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն` Վլատիմիր Փութինի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին արդեօք քննարկուա՞ծ է Հայաստանի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը: Փէսքով ըսած է, թէ հարցը քննարկուած է երկկողմ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
«Հիմնականօրէն քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւնները, որուն մասին մենք հաղորդած ենք»,- աւելցուցած է ան:
Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սակը բարձրացնելու որոշումին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին անդրադարձած է, նաեւ, «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր»ի (Հ.Ե.Ց.) 100տոկոսանոց սեփականատէր «Ինթեր Ռաօ» ընկերութեան ղեկավարը:
«Հայաստանի ելեկտրա-ուժանիւթային համակարգի բարդ իրավիճակին մէջ սակի բարձրացման որոշումը զանգուածային բողոքներու պատճառ դարձաւ, որ բացառապէս տնտեսական պատճառներ ունի, այլ ոչ թէ քաղաքական: Այստեղ որեւէ քաղաքականութիւն չկայ»,- ռուսական պետական ԹԱՍՍ գործակալութեան ըսած է «Ինթեր Ռաօ»ի կառավարման խորհուրդի նախագահ Պորիս Քովալչուք:Ան նշած է, որ «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» ընկերութիւնը այժմ կը գտնուի ֆինանսական կայունութեան սահմանագիծին եւ հնարաւորութիւն չունի ժամանակին վճարելու ուժանիւթային ձեռնարկութիւններուն՝ անոնցմէ ստացած ելեկտրականութեան դիմաց:
Ըստ անոր` Հ.Ե.Ց.ի կրած վնասներուն պատճառը Հայաստանի մէջ գործող կարգաւորման համակարգն է: Պորիս Քովալչուք ըսած է, որ 11 տարիներու ընթացքին սակագինի անբաւարար բարձրացումը, Մեծամորի հիւլէական կայանի վերանորոգումը, ջրաելեկտրակայաններու ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալներու կրճատումը յանգեցուցած են իրավիճակի մը, երբ երկրի բաշխիչ ցանցերու համակարգը 37 միլիառ դրամի եկամուտ չէ ստացած: «Ասոնք են ստեղծուած ֆինանսական բարդ իրավիճակի հիմնական պատճառները»,- նշած է ան: