Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ո­ւա­շինկ­թըն.- Կի­րա­կի՝ Յու­նիս 28ին, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան դի­մաց կա­տա­րո­ւե­ցաւ ցոյց, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար վեր­ջերս Նա­խի­ջե­ւա­նի սահ­մա­նին մօտ կա­տա­րո­ւած ա­զե­րի բա­նա­կին յար­ձա­կում­նե­րը: Այս ոտնձ­ գու­թեան հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած էր հայ­րե­նի բա­նա­կի ծա­ռա­յող Ար­ման Եփ­րե­մեան: Ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր տեղ­ւոյն Հ.Յ.Դ. «­Սե­պուհ» Կո­մի­տէու­թեան եւ Հ.Ե.Դ.ի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ:

«­Մենք հա­ւա­քո­ւած ենք Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ, տեղ­ւոյն բռնա­պետ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կա­տա­րած յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ բո­ղո­քե­լու: Յս­տակ է, թէ այս յար­ձա­կո­ղա­կան դիր­քը ի վնաս Կով­կա­սի տա­րա­ծաշըր­ջա­նի խա­ղա­ղու­թեան է: Ատըր­պէյ­ճան իր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ կա­տա­րել թէ՛ Ար­ցա­խի եւ թէ՛ Նա­խի­ջե­ւա­նի սահ­մանն­նե­րուն վրայ»,- յայտ­նեց ցոյ­ցին մաս­նակ­ցող Ա­րամ Սա­րա­ֆեան՝ ա­ւելց­նե­լով, թէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի ան­դամ­նե­րը տե­ղին է, որ հե­տե­ւին դէպ­քե­րու ի­րա­դար­ձու­թեան: Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ աշ­խար­հը պէտք է նկա­տէ, որ Պա­քո­ւի մէջ Եւ­րո­պա­կան անդ­րա­նիկ Ո­ղիմ­պիա­կա­նը կազ­մա­կեր­պե­լով՝ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ ծած­կել շրջա­նէն ներս ա­պա­հո­վա­կան կա­ցու­թիւ­նը խախ­տե­լու իր ըն­թաց­քը: