Ֆրանսայի մէջ Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւնը՝ APCAF, գործակցութեամբ՝ Ս. Մեսրոպ Կրթարանի խնամակալութեան (AAG) եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետութեան, Շաբաթ՝ Յուլիս 4, ժամը 10.30ին բա ցումը կը կատարէ նորակառոյց «Գէորգ Արապեան» նախակրթարան-միջնակարգ վարժարանին: Հանդիսաւոր այս արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս եւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս եւ վարժարանի գլխաւոր բարերար Գէորգ Արապեան: Այս բացառիկ շինութեան կառուցումը կարելի դարձաւ շնորհիւ Թեմի նախկին Առաջնորդ եւ APCAFի նախագահ Նորվան Արք. Զաքարեանի նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն:
Ծրագրի գանձատրման 90%ը ապահովուած է անձերու եւ ընկերակցութիւններու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմնադրամներու կողմէ տրամադրուած նպաստներով, այս նպատակով կազմակերպուած մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներէ ձեռք ձգուած հասոյթներով:
Այս նոր կառոյցը թոյլ կու տայ ընդլայնումը արդէն գոյութիւն ունեցող Սուրբ Մեսրոպ կրթարանին, որ կը գործէ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան հետ յատուկ պայմանագրի դրութեամբ: Հարկ է ծրագրի գանձատրման մնացեալ մասին առնուազն 7,5%ը եւս երաշխաւորել:
Շէնքին կառուցումը սկսած էր 2013ին: Ճարտարապետական աշխատանքները ստանձնեց «Յակոբեան» ճարտարապետական գրասենեակը, որ ծանօթ է իր փորձառութեամբ եւ վարպետութեամբ: Նոր վարժարանի ծրագիրը յատկապէս պէտք է ողջունել իր այն յատկութեան համար, որ ան կը մէկտեղէ երկու դպրոց՝ նախակրթարան եւ միջնակարգ, լաւագոյնս օգտագործելով սահմանափակ մակերեսը, ուր տեղաւորուած են 10 դասարաններ:
Դէպի Սէն գետը յառող շինութիւնը օժտուած է շրջապատի տեսանկիւնէն ամէնէն որակաւոր, ուժանիւթի խնայողութիւն ապահովող նիւթերէ: Այս վարժարանին մէջ տղաքը բախտը պիտի ունենան ուսանելու, իսկ ուսուցիչները դասաւանդելու լաւագոյն պայմաններու մէջ՝ անոնք ըլլան կենցաղային, թէ ուսումնական:
Նորակառոյց այս շէնքը թոյլ պիտի տայ դիմագրաւելու շրջանի նոր աշակերտներու ընդունման հետզհետէ աւելցող պահանջը, բայց նաեւ՝ բանալու միջնակարգ բաժին մը: Ծրագիրը վարած, գանձատրած եւ իրագործած է APCAFը՝ նեցուկը վայելելով ներկայ դպրոցի խնամակալութեան (AAG), որուն պիտի յանձնէ յանձանձումը (gestion) 2015 Սեպտեմբերէն սկսեալ:
Գլխաւոր քանի մը թիւեր.- 4,5 միլիոն եւրօ: Ծրագրին ընդհանուր գումարը: 1585 քառ. մեթր. նոր վարժարանին ամբողջական մակերեսը: 24 ամիս. աշխատութիւններու տեւողութիւնը: 3. յարկերու թիւը (գետնայարկ + երկու յարկ):