Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Վազ­գէն Ե­պիս­կո­պոս Միր­զա­խա­նեան, Թիֆ­լի­սի պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ, հան­դի­պած է Վ­րաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցու հո­վո­ւա­պետ Ի­լիա Երկ­րոր­դին եւ քննար­կած վի­րա­հա­յոց հա­մայն­քը եւ հա­յոց ե­կե­ղե­ցին յու­զող հիմ­նա­հար­ցե­րը: Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց թե­մի մա­մու­լի դի­ւա­նի փո­խանց­մամբ` Սր­բա­զան հայ­րը նո­րին սրբու­թեան փո­խան­ցած է Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ Կա­թո­ղի­կո­սի ցա­ւակ­ցա­կան նա­մա­կը, Յու­նիս 14ին Թիֆ­լի­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ջրհե­ղե­ղի հե­տե­ւանք­նե­րուն եւ մարդ­կա­յին զո­հե­րուն առն­չու­թեամբ, նաեւ՝ հա­ղոր­դած է Հա­յոց Վե­հա­փա­ռի բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը Վ­րաց Հո­վո­ւա­պե­տին ու հա­մայն Վ­րաս­տա­նին: Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դը հա­մայն Վ­րաս­տա­նի Պատ­րիար­քի հետ քննար­կած է նաեւ վի­րա­հա­յոց հա­մայնքն ու հա­յոց ե­կե­ղե­ցին յու­զող հիմ­նա­հար­ցե­րը: Եր­կուս­տէք պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են հայ եւ վրաց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը յու­զող հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ ու­նե­նա­լու յա­ճա­խա­կի հան­դի­պում­ներ, քրիս­տո­նէա­կան սի­րոյ եւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ՝ միա­սին քննար­կե­լու յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը, զերծ մնա­լու քայ­լե­րէ, ո­րոնք կրնան վնաս հասց­նել հայ-վրա­ցա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան հա­զա­րա­մեակ­նե­րու եղ­բայ­րու­թեան: Վ­րաց ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­րիար­քը իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը յղած է Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Երկ­րոր­դին եւ ը­սած, որ հա­կա­ռակ բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, Վ­րաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցին միշտ պի­տի մնայ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին: