Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուր­բաթ՝ 26 Յու­նիս 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քի վե­հա­րա­նի գրա­սե­նեա­կին մէջ, Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս ըն­դու­նեց ­Լի­բա­նա­նի մօտ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ դես­պանը՝ Ֆ­րան­սո­ւա ­Պար­րաս:

­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ դես­պա­նին մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կար հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցան ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ե­կե­ ղե­ցի­նե­րու եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեան հետ ա­ղերս ու­նե­ցող հար­ցեր` այդ ծի­րին մէջ ԱՐՄԵՆՈՖԱՍի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին ­Զուի­ցե­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ ԱՐՄԵՆՈՖԱՍի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը:

­Վե­հա­փառը ու զո­ւի­ցե­րիա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը նաեւ ար­ծար­ծե­ցին ­Լի­բա­նա­նի եւ շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը: