Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումը հինգշաբթի, 25 յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին:
Երանաշնորհ հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 15 օգոստոս 1965-ին եւ օգնական նշանակուած գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարք: 1968-1990 եղած էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:
18 փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ ապա մնայուն սիւնհոդոսին:
7 հոկտեմբեր 1999-ին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:
Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, երջանկայիշատակ հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Երանաշնորհ հայրապետը ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ