Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յու­նիս 20ին, Բռնց­քա­մար­տի Մի­ջազ­գա­յին Ֆե­տե­րա­սիո­նի (Բ.Մ.Ֆ., IBF - International Boxing Federation) ա­խո­յեա­նա­կան մրցում­նե­րու ծի­րէն ներս, գա­նա­տա­հայ Տա­ւիտ Լե­միօ չորս ան­գամ զգետ­նեց ֆրան­սա­ցի Հա­ սան Ն՚­Տա­մը եւ ի­րա­ւա­րար­նե­րու միա­ձայն ո­րո­շու­մով տի­րա­ցաւ Բ.Մ.Ֆ.ի մի­ջին կշիռ­քի դա­սա­կար­գի ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սին։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ «­Ֆոքս» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին կող­մէ սփռո­ւած մրցու­մի ըն­թաց­քին Լե­միոյի տպա­ւո­րիչ մար­տը կրնայ ա­նոր աչ­քա­ռու մրցում­ներ ա­պա­հո­վել։ Ար­դէն իսկ կը խօսո­ւի Աշ­խար­հի Բռնցքա­մար­տի ըն­կե­րակ­ցու­թեան ա­խո­յեան Կե­նա­տի Կ­լով­քի­նի կամ Նո­յեմ­բե­րին նա­խա­տե­սո­ւած WBCի ա­խո­յեան Մի­կել Քոթ­թո­յի եւ մեք­սի­քա­ցի աստղ Սոլ (­Քա­նե­լօ) Ալ­վա­րե­զի մի­ջեւ մրցու­մի յաղ­թա­կա­նին դէմ մար­տի մը մա­սին։ Տա­ւիտ Լե­միօ (ծնեալ 22 Դեկ­տեմ­բեր 1988ին, Մոնթ­րէալ, Գա­նա­տա) գա­նա­տա­ցի ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ մըն է։

Լե­միո­յի հայ­րը ֆրան­սա­ցի է, իսկ մայ­րը լի­բա­նա­նա­հայ։ Ա­նոր մօր մա­կա­նու­նը Խաւ­լու­ճեան է։ Լե­միօ հա­յե­րէ­նը սա­հուն կեր­պով կը խօ­սի։